2014-12-04 08:39:32

Սուրբ Պետրոսի հրապարակի տօնածառն ու մսուրը։


(Ռ.Վ. 4 դեկտեմբեր 2014) Ս. Պետրոս հրապարակի այս տարուայ տօնածառը հարաւային Իտալիոյ Քալապրիա մարզէն կու գայ, իսկ մսուրը Իտալիոյ հիւսիսը գտնուող Վերոնա քաղաքէն։
Հարաւային Իտալիոյ Քալապրիա Մարզէն եկող տօնածառը Վատիկան ժամանեց 4 դեկտեմբերին եւ տեղադրուեցաւ ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։ 25.5 մեթր բարձր Մայրենի մեծ ծառի կողքին պիտի բարձրանայ նաեւ մեծածաւալ աւանդական մսուրը։
Քալապրիոյ տօնածառը պիտի զարդարուի 2500 արծաթագոյն եւ ոսկեգոյն գնդակներով եւ նոյնքան դեղին ու սպիտակ լոյսերով։ Անոր բացումը տեղի պիտի ունենայ 19 դեկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 4.30-ին
Յայտնենք թէ անցեալ տարուայ 25 մեթրնոց տօնածառը եկած էր Գերմանիոյ Պավարիա քաղաքէն։ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ մեծածաւալ մսուրի կողքին տօնածառի զետեղման աւանդութիւնը սկիզբ առած է 1982-ին, երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի օրով ։
Յիսնակացին առաջին օրերուն սկիզբ կ'առնեն նաեւ մսուրի կառուցումին աշխատանքները որուն բացումը կը կատարուի ս. Ծննադեան ճրագալոյցին գիշերը ։
Այս տարուայ մսուրը նուիրուած է Վերոնայի` “Romeo եւ Juliette“ ի քաղաքի կողմէ։ Մսուրին մէջ պիտի տեղադրուին հսկայական 20 արձաններ։ Մսուրի պիտի ունենայ 24 մեթր երկայնք, 12 մեթր լայնք եւ 8 մեթր բարձրութիւն։
Սովորաբար Քահանայապետը մսուրը կ'այցելէ 31 Դեկտեմբերի գիշերը, ս. Պետրոս տաճարին մէջ գլխաւորած երեկոյեան ժամասացութենէն ետք, որուն ընթացքին նաեւ կ՛արտասանէ գոհաբանական աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.