Նալպանտեան հանդիպեցաւ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ
Աշխատանքային այցելութեամբ Պազել գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան
երէկ հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ճէյմս Ուորլիքի,
Փիեռ Անտրիոյի եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփչիկի հետ: ԱԳ
նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցմամբ` Նալպանտեան միջնորդներու
ուշադրութիւնը հրաւիրած է վերջին շաբաթներու ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ ամենաբարձր մակարդակով
սաստկացած ռազմատենչ հռետորաբանութեան, բանակցութիւններու էութիւնն ու բովանդակութիւնը
խեղաթիւրող յայտարարութիւններուն, մարդկային զոհերու պատճառ դարձած` Հայաստանի հետ սահմանին
եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին հրադադարի կոպտագոյն խախտումներուն, ուսումնավարժական
թռիչք իրականացնող` Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի ուղղաթիռի խոցման հետեւանքով ստեղծուած
իրավիճակի վրայ: Հանդիպումին շարունակուած են քննարկումները` ղարաբաղեան հակամարտութեան
խաղաղ կարգաւորման գործընթացի առաջ մղման հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ: Էդուարդ
Նալպանտեան վերահաստատած է, որ Հայաստանը պիտի շարունակէ եռանախագահներու հետ համատեղ
ջանքերը` ուղղուած ղարաբաղեան հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման: