2014-12-04 11:31:09

Հայ ձեռագրի պատմութեան ուղիին վրայ


Ձեռագիրներու բովանդակութիւնը

Ձեռագիրները մեծ մասամբ ընդօրինակուած կամ գրուած են վանքերու, վանական համալիրներու կամ համալսարաններու մէջ։ Սակայն անոնց բովանդակութիւնը լոկ կրօնական բնոյթ չունի։ Գրչութեան կենդրոններուն մէջ մենք ունեցած ենք պատմագիրներ եւ գիտնականներ որոնք արտադրած են ստուար գրականութիւն։ Վայրագ ասպատակութիւններու պատճառով եւ ապա ցեղասպանութեան հետեւանքով շատ մը բնագիրներ անհետ կորսուած են։ Սակայն այլուր գտնուող տուեալներու հիման վրայ ծանօթ է մեզի, որ այդ բնագիրները գոյութիւն ունեցած են։
Կրօնական կամ աստուածաբանական նիւթերը կը գերակշռեն ձեռագիրներու բովանդակութեան մէջ։ Յատկապէս ծիսական գրքերու առօրեայ գործածութիւնը վանքերու մէջ կամ հոգեւոր ծառայութեան մէջ՝ անհրաժեշտութիւնը տեսած է միշտ նորերը արտադրելու։ Ունինք բազմաթիւ Աստուածաշունչի կամ Աւետարաններու ձեռագրեր, Մաշտոց ծիսարաններ, Յայսմաւուրք ու Ճաշոց։ Կան աղօթագրքեր, կանոնագիտական հաւաքածոներ, աստուածաբանական քննարկումներ՝ ծիսական, մեկնողական ու վարդապետական։ Մեզի հասած են Հայ Եկեղեցւոյ Հայրապետներու գրութիւնները, որոնք ուղղուած են վանականներու, հոգեւորական դասին կամ բոլոր ժողովուրդին. կը քննարկեն վարդապետական հարցեր կամ կը կատարեն եկեկեցական կարգաւորումներ։ Ունինք թղթակցութեան վկայութիւններ Հայ եւ այլ եկեղեցիներու Հայրապետներու միջեւ։ Յիշենք հոս միայն «Գիրք Թղթոց» հաւաքածոն։ Ասոնք բոլորը թանկարժէք աղբիւրներ են հայ եկեղեցւոյ վարդապետութեան եւ հոգեւոր կեանքի կազմաւորման համար։
Երկար է շարքը հեղինակներուն. յիշենք հոս միայն Գրիգոր Լուսաւորչի վերագրուած Յաճախապատում Ճառերը, Մանդանկունի Հայրապետի ճառերը, Յովհաննէս Օձնեցի, Խոսրով Անցեւացի, Գրիգոր Նարեկացի, Ներսէս Շնորհալի, Ներսէս Լամբրոնացի, Գրիգոր Տաթեւացի։
Բարեբախտաբար հայ մատենագրութեան մէջ ունինք պատմագիրներու մեծարժէք ժառանգութիւնը։ Սակայն ցաւալի է որ պատմագրական մատենագրութենէն մեզի որոշ հեղինակութիւններ չեն հասած։ Յիշենք պատմագիրներէն Ագաթանգեղոս, Կորիւն, Եղիշէ, Պատմահայր Խորենացի, Փաւստոս Բուզանդ, Սեբիոս, Թովմա Արծրունի, Արիստակէս Լաստիվերտցի, Ստեփանոս Օրբելեան։
Հայ մատենագրութեան մէջ ունինք ընկերային եւ բնական գիտութիւններու նուիրուած երկեր՝ իմաստասիրական, թուաբանական, աստղագիտական, իրաւաբանական եւ բժշկական։ Յիշենք հոս Դաւիթ Անյաղթ Փիլիսոփայ, Անանիա Շիրակացի, Գրիգոր Մագիստրոս, Սմբատ Սպարապետ, Մխիթար Գոշ, Մխիթար Հերացի, Ամիրտովլաթ Ամասիացի։
Այս յիշուած երկերը միայն մէկ մասն է մեր գրաւոր ժառանգութեան, որուն վրայ իբր ազգ կրնանք մեծապէս հպարտանալ, որովհետեւ իսկապէս մեծ է հայ ժողովուրդի հոգեւոր մշակոյթը։
Այս հեղինակութիւններու կարգին մեզի հասած է նաեւ մեծ թիւ մը թարգմանական գրականութեան՝ յատկապէս յունարէն եւ ասորերէն լեզուներէ։ Ասոնց ամենացայտուն օրինակն է Աստուծաշունչի թարգմանութիւնը, որ արդարացիօրէն կոչուած է «Թագուհի Թարգմանութեանց»։








All the contents on this site are copyrighted ©.