2014-12-04 12:12:06

Կարդինալ Փարոլին՝ ''Եւրոպան թող երաշխաւորէ աշխարհի խաղաղութիւնը''։


(Ռ.Վ. 4 դեկտեմբեր 2014) Վատիկանի եւ Անգլիոյ միջեւ քաղաքական յարաբերութիւններու վերահաստատման 100 ամեակի հանդիսութիւններու ծիրէն ներս, չորեքշաբթի, 4 դեկտեմբերին, Վատիկանի ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինը յայտնած է, թէ բազմաթիւ են Կաթողիկէ եւ Անկլիգան եկեղեցիներու միասնական բարեսիրական գործունէութիւնները՝ յատկապէս համաշխարհային պատերազմի շրջանին՝ Անգլիոյ իշխանութիւններու աջակցութեամբ։
Կարդինալը ապա ընդգծած է երկու պետութիւններու միջեւ քաղաքական յարաբերութիւններու անհրաժեշտութիւնը, էական նկատելով երկխօսութիւնը միասնաբար դիմագրաւելու համար ժամանակակից բարդ եւ դժուար հարցերը ու շեշտած է ՝՝Միասնաբար կը յաղթենք, միասնաբար կը պարտուինք''։
Կարդինալ Փարոլինը անդրադարձած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի Եւրոպայի իշխանութիւններուն կատարած այցելութեան՝ կոչ ուղղելով Եւրոպական միութեան՝ չի բաւարարուիլ միայն դիւանակալական հարցերով զբաղելով, այլ դառնալու այն ցամաքամասը ուր կարելի է գործել աշխարհի բարգաւաճման ի խնդիր՝ յարգելով Եւրոպայի միութեան հիմնադիր հայրերու նպատակակէտը։








All the contents on this site are copyrighted ©.