2014-12-04 09:44:07

Ալ Ազհարի Իմամը ''Ոչ յանուն կրօնի գործադրուած ոճիրներուն''։


(Ռ.Վ. 4 դեկտեմբեր 2014) Եգիպտոսի Ալ Ազհար համալսարանի մէջ տեղի ունեցող ''Իսլամութիւն եւ ահաբեկչութիւն'' խորագիրով, ուսումնաժողովին ընթացքին Ալ Ազհարի Իմամը խստիւ դատապարտեց, յանուն կրօնի գործուած բռնութիւնները` արմատականութիւնը որակելով ''Իսլամութեան այլասերում'' մինչ ժիհատիստներու արարքները նկատեց ''բարբարոսական ոճիր''։
Ուսումնաժողովին ներկայ էր նաեւ Ղպտի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք` Թաուատրոս Բ որ ընդգծեց Քորանի եւ բռնութեան միջեւ անհամատեղելիութիւնը մատնանշելով իսլամութեան հանդուրժողականութեան կոչումին։ Հանդիպման կէտնպատակն է հերքել ծայրայեղականներուն դիրքերը եւ հրատարակել վաւերաթուղթ մը որ ուղեգիծ հանդիսանայ ապագայի Իմամներու կազմաւորումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.