2014-12-04 09:18:22

''Popoli'' պարբերականը կատարած է հարցազրոյց մը Սուրբ Աթոռի բանբեր, Յիսուսեան միաբան Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի հետ։


(Ռ.Վ. 4 դեկտեմբեր 2014) Հայր Լոմպարտի-ի ուղղուած հարցերը ծանրացած են Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ''Յիսուսեանի'' հոգեբանութեան եւ գործելակերպին վրայ։ Յիշենք, որ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ իբր Յիսուսեան միաբան երկար տարիներով ունեցած է եռուն գործունէութիւն։ Միաբանութեան հոգեբանութիւնը ակնյայտնի է իր ծրագրին եւ գործունէութեան մէջ։ Յիսուսեան միաբանութիւնը հիմնած է Իգնատիոս Լոյոլա, 1534ին իր համախոհներու շրջանակին մէջ։ Յիսուսեան միաբանութեան առաքելութիւնները տարածուած են բոլոր ցամաքամասերու վրայ շուրջ 18000 միաբաններով։ Նաեւ հայ ժողովուրդի մօտ եղած են Յիսուսեան առաքելութիւններ։
Հարցազրոյցի մէջ Հայր Լոմպարտի, որ ծառայած է նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետի գահակալութեան շրջանին, կը խօսի քահանայապետներու հետ ունեցած իր ծանօթութեան եւ աշխատանքային պայմաններու մասին։
Թղթակիցը հարց տուած է Հայր Լոմպարտիին գծելու նմանութիւններու եւ տարբերութիւններու պատկեր մը երկու քահանայապետներուն միջեւ։ Իր պատասխանին մէջ ան անդրադարձած է թէ ըլլայ Պենետիկտոս ԺԶ., ըլլայ Ֆրանչիսկոս՝ երկուքն ալ իրենց վկայութեան մէջ ունին մտերմիկ յարաբերութիւն մը Քրիստոսի հետ։ Իսկ ինչ կը վերաբերի եկեղեցւոյ ''կառավարման''՝ հոն նաեւ Հայր Լոմպարտի կը տեսնէ զուգահեռներ։ Գործելակերպի եւ մօտեցումի պարագային տարբեր է երկու քահանայապետներու ոճը։ Մինչ Պենետիկտոս ԺԶ. խոր մտաւորականը եւ աստուածաբանն է, եւ միաժամանակ բարի հովիւ՝ Ֆրանչիսկոս աւելի հաղորդակցական նկարագիրն է՝ նոյնպէս բարի հովիւի վկայութեամբ։
Հարցազրոյցի ընթացքին Հայր Լոմպարտի պատասխանած է նաեւ Vatileaks կոչուած յայտնաբերումներու առընչուած հարցումին։ Այս հարցը ունեցած է մեծ անդրադարձ։ Սակայն Սրբազան Քահանայապետի վկայութիւնը ունեցած է դրական ներգործութիւն հարցի խաղաղեցման նկատմամբ։
Հայր Լոմպարտի իր առաքելութեան նկատմամբ՝ ինքզինք տակաւին կը նկատէ ճանապարհի վրայ, Քահանայապետի եւ Սուրբ Աւետարանի ծառայութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.