2014-12-03 10:49:13

Ֆրանչիսոս Պապը կը հանդիպի Քրիստոնեաներու եւ Մահմետականներու միջեւ գումարուած Գ. վեհաժողովի մասնակիցներուն հետ։


(Ռ.Վ. 3 դեկտեմբեր) Չորեքշաբթի, 3 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9։00-ին, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ՝ Վատիկանի մէջ գումարուած Քրիստոնեաներու եւ Մահմետականներու Գերագոյն հոգեւոր պետերու 3-րդ համաժողովի մասնակիցներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապը այս առթիւ, իր յղած ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց տուած այցելութեան համար աւելցնելով, թէ սոյն հանդիպումները կը նպաստեն ամրապնդելու եղբայրական կապերը։ Իսկ կրօնապետերու տածած աշխատանքներու նկատմամբ Ֆրանչիսկոս Պապը երախտագիտութիւն յայտնեց՝
հաստատելով թէ սոյն աշխատանքները կը նպաստեն յատկաապէս խաղաղութեան կերտման՝ ընդգծելով երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը խաղաղութեան ի խնդիր։







All the contents on this site are copyrighted ©.