2014-12-03 13:29:10

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


(Ռ.Վ. 3 դեկտեմբեր 2014) Չորեքշաբթի, 3 դեկտեմբերին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած բազմաթիւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ՝ Ֆրանչիկսոս Պապը կատարեց
Չորքեշաբթի օրուան աւանդական ընդհանուր ունկնդրութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը հաւատացեալներու ուղղած խօսքին մէջ անդրադարձաւ Թուրքիա
Կատարած ճամբորդութեան։ Հաւատացեալներէն խնդրեց, որ գոհաբանական աղօթք բարձրացնեն առ Ասուտուած՝ Ճամբորդութեան յաջողութեան համար, որպէսզի սոյն ճամբորդութենէն ծլին երկխօսութեան պտղուղներ՝ Կաթողիկէ եկեղեցւող եւ Ուղղափառ եղբայրեներու յարաբերութեան մէջ, մահմետակներուն հետ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան ճանապարհին վրայ։
Սրբազան Հայրը նկատեց, որ պետական մարմիններու կողմէ արժանացած էր յարգալիր ընդունելութեան, որ նպաստած էր այցելութեան բարի ընթացքին։
Ապա ըսաւ՝ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Թուրքիոյ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն եւ եպիսկոպոսական ժողովի նախագահին։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Տիեզերական Պատրիարք, Նորին Սրբութիւն Բարթողիմէոս Ա.ին իր սրտագին հիւրընկալութեան համար։
Երանելի Պօղոս Զ. եւ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետները, որոնք այցելած են Թուրքիա, եւ սուրբ Յովհաննէս ԻԳ. Քահանայապետ, որ եղած է Քահանայապետկան Նուիրակ այդ երկրին մէջ՝ երկնքէն հովանաւորեցին իմ ուխտագնացութիւնս, որ կը յաջորդէր Բենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետի այցելութեան՝ ութ տարիներ վերջ։
Այդ հողամասը թանկ է իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար. ան ծննդավայրն է սուրբ Պօղոս Առաքեալի, հիւրընկալած է առաջին եօթ Տիեզերական Ժողովները, եւ ուր կը գտնուի ''Աստուածածնի բնակարանը''՝ Եփեսոսի մէջ։
Ապա Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ մօտէն անդրադարձաւ այցելութեան ծրագրին, ուր նաեւ հանդիպած էր քրիստոնեայ զանազան դաւանանքներու ներկայացուցիչներուն, որոնց կարգին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Պատրիարքի Փոխանորդին։ Անոնց հետ միասին ան Սուրբ Հոգիի օգնութիւնը խնդրած էր քիրստոնեաներու միութեան համար։
Որովհետեւ, աւելցուց ան՝ ''Սուրբ Հոգին է որ մեր համամիութենական երկխօսութեան մէջ կը ներգործէ եւ զայն կը յաջողեցնէ։''
Ապա, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը՝ սուրբ Անդրէասի տօնը լաւագոյն առիթն էր Հռոմի Եպիսկոպոսի՝ Ս. Պետրոսի յաջորդին եւ Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքին՝ Ս. Անդրէասի յաջորդին միջեւ եղբայրական կապերու զօրացումին։ Այս հանդիպումով եւ միասնական աղօթքով յանձնառարութիւնը կատարուած էր ընթանալու դէպի ամբողջական միութիւն Կաթողիկէ եւ Ուղղփառ եկեղեցիներու միջեւ։
Սրբազան Քահանայապետի վերջին հադիպումը, զորս Նորին Սրբութիւնը ''ցաւալի'' որակաւորեց, տեղի ունեցած է Սալեզեան կրօնաւորներու մօտ ապաստան գտած գաղթական պատանիներու հետ։
Իր պատգամի աւարտին՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խնդրեց Աստուծոյ պաշտպանութիւնը Թուրքիոյ տարածքին գտնուող ժողովուրդներուն համար, որպէսզի անոնք կարենան ունենալ խաղաղ ապագայ մը՝ զանազան կրօնքներու եւ մշակոյթներու խաղաղ համակեցութեամբ։
Խնդրեց որ հաւատացեալները յատուկ կերպով աղօթեն Աստուածածնի եւ Սուրբ Հոգիին՝ Եկեղեցւոյ առաքելութեան համար, որպէսզի ան եռանդով քարոզէ թէ Յիսուս է ճշմարտութիւնը, խաղաղութիւնը եւ սէրը. Յիսուս է միակ Տէրը։







All the contents on this site are copyrighted ©.