2014-12-03 11:59:56

Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ խումբ մը հիւանդներու հետ


(Ռ.Վ. 3 դեկտեմբեր 2014) Չորեքշաբթի, 3 դեկտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը նախքան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, Պօղոս Զ. անուան դահլիճին մէջ հանդիպեցաւ խումբ մը հիւանդներու հետ։ Անոնց ուղղած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը խրատ տուաւ հիւանդներուն հետեւելու իր տալիք ընդհանուր ունկնդրութեան դահլիճին մէջ զետեղուած մեծ պաստառի վրայէն պատկերասփռուած արարողութեան՝ դուրսը տեղատարափ անձրեւի պատճառաւ։ Ապա հրաւիրեց զանոնք միասնաբար արտասանելու Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթքը, հուսկ՝ տուաւ անոնց Իր Հայրապետական օրհնութիւնը խնդրելով ՝աղօթեն իրեն համար։
Ֆրանչիսկոս Պապը հրաժեշտ առնելէ առաջ խնդրեց հիւանդներէն լաւ պատրաստուելու Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութեան՝ մտաբերելով թէ Յիսուսն է եկողը ։ Ապա մաղթանք յայտնեց հիւանդներուն. որպէսզի Յիսուս մուտք գործէ իւրաքանչիւրին սրտին մէջ օրհնելով եւ քաջալրելով զանոնք ՝ կեանքի մէջ յառաջ ընթանալու համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.