2014-12-03 09:17:21

Հայ եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Հարուստին եւ աղքատին տարբերութիւնը

Ոչ մէկ ընկերութիւն ցարդ կրցած է ՜՜աղքատներու եւ հարուստներու՝՝ միջեւ հասարակակարգ ստեղծել: Համայնավարական վարչակարգերը իրենց ամբողջ հզօրութեամբ, չկրցան արդար հաւասարութիւն հաստատել, հակառակ ջատագովուած բազմատեսակ գաղափարախօսութիւններուն: Կիրառուած ծածուկ անհաւասարութիւնը ընկերային կեանքի մէջ, անոնցմէ շատերուն համար եղաւ նաեւ իրենց ձեռքով փորուած գերեզմանը: Ինքնախաբէական կեանք, որուն զոհերը դարձան հաւասարապէս գաղափարախօսութեան քարոզիչներն ու ենթակայ ժողովուրդները: Ղեկավար տարրին անօրինակ հարստութեան տիրանալը, իսկ ատոր դիմաց պարզ խաւին միօրինակ ժուժկալութիւնը, հակադիր բեւեռները հանդիսացան այդ վարչակարգերուն, որոնցմէ ոմանց կառուցած հսկայ կայսրութիւնները աշխարհի ժողովուրդներու աչքերուն դիմաց փուլ եկան, վերականգնումի աննշոյլ յոյսի իսկ առիթը չտալով:
Շատեր երջանկութեան ետեւէ իրենց վազքին մէջ կը շփոթին եւ ամէնէն փայլուն դուռը զոր իրենց դիմաց կը տեսնեն՝ հարստութիւնը կ՛ըլլայ: Անոնք այնպէս կը խորհին, որ այդ դրան սեմէն ներս մտնելէ անմիջապէս ետք պիտի երջանկանան: Մարդկային ընկերութեան պատմութիւնը ցոյց տուած է, սակայն, որ երկուքն ալ՝ թէ՛ հարստութիւնը եւ թէ աղքատութիւնը, մարդուն երջանկութիւն բերելու մէջ ձախողած իրավիճակներ են, մանաւանդ որ՝ աղքատութիւնը, բոլորին կարծիքով արդէն ո՛չ միայն երջանկութեան պատճառ, այլեւ՝ արգելք կը համարուի: Մարդկութեան քանի՞ տոկոսը կը համաձայնի որ աղքատութիւնը երջանկութիւն կը բերէ… Ճի՛շդ է, որ կա՛ն երջանիկ աղքատներ կամ՝ աղքատներ, որոնք բաւարարուած են իրենց ունեցածով կամ չունեցածով, եւ որովհետեւ աւելին չե՛ն փնտռեր, ուրեմն երջանիկ կը զգան: Սակայն ատիկա չի՛ նշանակեր, թէ կրնանք նշեալ երեւոյթը ընդհանրացնել՝ ըսելով, որ աղքատութիւնը երջանկութիւն կը պատճառէ: Աշխարհի մէջ աղքատութիւնը մարդասիրական միջազգային կազմակերպութիւններուն կողմէ նոյնիսկ չարիքի արմատ կը համարուի: Որովհետեւ երրորդ աշխարհեան թէ զարգացած երկիրներու մէջ աղքատութեան հետեւանքով կը բազմանան յոռի երեւոյթներ, ինչպէս՝ գողութիւն, մարմնավաճառութիւն, անչափահասներու ստիպողական աշխատանք, մարդավաճառութիւն եւ ոճիր: Ոմանք նաեւ գինիի կը դիմեն մոռնալու աղքատութիւնը. սակայն նաեւ հակառակն՝ հարստութիւնը եւս կրնայ տանիլ արբեցութեան եւ որու հետեւանքով ան կ՝աղքատանայ:
Սխա՛լ է միայն դրամ չունեցողը աղքատ կոչել:
Կեանքը միայն դրամով կարելի չէ՛ ապրիլ: Հարազատներ, բարեկամներ, ծանօթներ, իմացական ու մշակութային իրագործումներ, որոնք անպայման դրամով ձեռք բերուելիք նիւթական հարստութիւններ չեն, սակայն աւելի՛ կ՛արժեն քան արծաթն ու ոսկին, կալուածներն ու դրամը: Հարստութիւնը չափ սահման չունի. այսինքն որքան ալ մարդ հարուստ ըլլայ եթէ բաւարարանալու յատկութիւնը չունի միշտ ինքզինք նուազ հարուստ պիտի զգայ տեսնելով ուրիշը որ աւելին ունի...
Հարուստներէն ոմանք իրենց զաւակներուն կ՛ըսեն. « բնա՛ւ մի հաւատաք ցնցոտիներով մուրացկանութիւն ընող աղքատներուն, մանաւանդ եթէ հարստանալ կ՛ուզէք, պէտք է աղքատ ձեւանաք»: Իսկապէս ալ ոմանք մեծ հարստութեան տէր ըլլալով հանդերձ, իրենց ամբողջ կեանքը համեստ ապրուստով կ՛անցընեն, շռայլութենէ հեռու մնալով եւ ապրելով այնպէս, ինչպէս չքաւոր մը պիտի ապրէր… Սա տեսականօրէն ժուժկալութեան գլուխ գործոց կրնայ նկատուիլ, սակայն գործնականօրէն՝ թշուառութեան կատակերգութիւնը կ՛ըլլայ, երբ մարդ իր ունեցածը չի՛ կրնար օգտագործել: Իսկ իր մահէն ետք, ժառանգորդը՝ շռայլութեամբ ՜՜իր վայելել չկրցածը՝՝ մեծ հաճոյքով ու զեխութեամբ «կը վայելէ…»:
Ժողովրդային կամ հանրային կարծիքը եւս իր դերակատարութիւնը ունի հարուստին կատարած ամէն գործերը ճիշդ տեսնելու, իսկ աղքատին կատարած իւրաքանչիւր արարքը հարցականի տակ առնելու իմաստով: Հարուստները եթէ նոյնիսկ օձ ուտեն, ամէն մարդ կ՛ըսէ. «Դեղ է օձը, ատոր համար կերաւ»: Իսկ աղքատը եթէ նոյն արարքը գործէ, տեսնողներ կ՛ըսեն. «Ուտելիք չունենալուն եւ անօթութեան հետեւանքով նոյնիսկ օձ ուտել պարտաւորուեցաւ»:
Ահա ընկերային անարդարութիւնը՝ հարուստի եւ աղքատի տարբերութիւնները սահմանող: Երկուքն ալ նոյն արարքը գործեցին՝ օձ կերան, սակայն այդ արարքին մեկնաբանութիւնը իրարմէ տարբեր եղաւ: Կրնանք նոյնիսկ ըսել, որ տեսնող վկաներն ալ նոյն անձերն էին, սակայն դարձեալ իրարմէ տարբեր տեսակէտներ արտայայտեցին միեւնոյն արարքին մասին…
Ուրեմն, կրնանք ըսել, թէ ան, որ հարուստ կը զգայ հոգեպէս, ա՛ն է իսկական հարուստը, իսկ շա՜տ հարուստներ, թերեւս հոգեպէս անդարմանելի թշուառութեան մէջ կը տուայտին:
Յիսուս երանի՜ կու տայ «հոգիով աղքատներուն» (Հմմտ. Մտ 5.3):
Կարդա՛ Աւետարանի յիշեալ համարը եւ տե՛ս թէ ի՞նչ կ՛ըսէ քեզի...







All the contents on this site are copyrighted ©.