2014-12-03 13:57:13

Բողոքականութեան 5-րդ դարադարձի յոբելեանի ծրագիրը կը բովանդակէ 13 յայտագիրներ, որոնք պիտի իրագործուին 2014-2018 տարիներու ընթացքին։


(Ռ.Վ. 3 դեկտեմբեր 2014) Բողոքականութեան եւրեւան գալը բացայայտօրէն դրոշմած է Եւրոպայի պատմութիւնը` կրօնական, քաղաքական, մշակութային, տնտեսական ու սահմանադրական մարզերէն ներս։ 500 տարիներու վերակոչումի ծրագիրներէն մէկը կը նախատեսէ հրապարակային կլոր սեղան մը, քննարկելու անոր ժառանգութիւնը եւ ազդեցութիւնը Եւրոպայի պատմութեան, մշակոյթի եւ ընկերութեան վրայ։ Կլոր սեղանը նախատեսուած է Յունիս 2017-ին Զուիցերիոյ մէջ։ Ծրագրի այլ կէտեր կը նախատեսեն բողոքական երիտասարդութեան տօնախմբութիւն մը, Եւրոպայի բողոքական պատասխանատուներու հաւաք մը՝ Գերմանիոյ մէջ եւ Բողոքական Եկեղեցւոյ միջազգային ցուցահանդէս մը ։







All the contents on this site are copyrighted ©.