2014-12-02 09:47:48

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի դեկտեմբեր ամսուայ գլխաւորած արարողութիւնները։


(Ռ.Վ 2 դեկտեմբեր 2014) Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին 2014-ի դեկտեմբեր ամսուայ ընթացքին գլխաւորած արարողութիւններու օրակարգը. որ կը նախատեսէ զանազան արարողութիւններ որոնցմէ առաջինը տեղի կ՛ունենայ 8 դեկտեմբերի՝ յետ միջօրէի ժամը 4-ին, երբ ըստ աւանդութեան, Նորին Սրբութիւնը, Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ, Հռոմի ''Բիացցա Տի Սպանիայ'' կոչուած հրապարակի վրայ զետեղուած Անարատ Յղութեան արձանին, աւանդական պաշտամունքը կը կատարէ։

Ապա 12 դեկտեմբերին` Կուատալուփի Սուրբ Կոյս Մարիամի Տօնին առթիւ, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, երեկոյեան 6-ին, Ան կը գլխաւորէ Լատինամերիկայի նուիրուած սուրբ պատարագի արարողութիւնը
Իսկ Կիրակի 14 դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Յիսնակաց երրորդ Կիրակին, Նորին Սրբութիւնը Հովուական այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի ''Սան Ճուզեփփէ ԱլլԱուրելիօ'' ժողովրդապետութեան ուր նաեւ կը մատուցէ Սուրբ պատարագը։

Երկուշաբթի 24 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 9.30-ին՝ Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ Սրբազան Հայրը կը նախագահէ Սուրբ Ծննդեան պատարագը։ Ու ապա յաջորդ օրը 25 դեկտեմբերին կէսօրին՝ ինչպէս ամէն տարի, Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոս Տաճարի կեդրոնական պատշգամէն համայն աշխարհին կ՛ուղղէ Ծնունդի Իր պատգամը որուն աւարտին ''Urbi Et Orbi'' այսինքն Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին կը շնորհէ իր Առաքելական Օրհնութիւնը։ Նախ քան Առաքելական Օրհնութիւնը, Սրբազան Հայրը շուրջ 60 տարբեր լեզուներով կը շնորհաւորէ համապատասխան ազգերու հաւատացեալները։

Երկուշաբթի դեկտեմբեր 31ին, երեկոյեան ժամը 17ին, Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը եւ ''Te Deum - Փառք ի Բարձունս'' գոհաբանական աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.