2014-12-02 08:43:28

Հալէպի մէջ քրիստոնեաները յոյսի վկաներ են, ըսաւ Մելքիթներու առաջնորդը մետրապօլիտ Ժանպարթը։


(Ռ.Վ. 2 դեկտեմբեր 2014) Հալէպի մէջ քրիստոնեայ հասարակութիւնը, շնորհիւ իր կամաւորներուն, առաջին գիծի վրայ է օգնութեան հասնելու բնակչութեան, ըսաւ Մելքիթներու առաջնորդը մետրապօլիտ Ժանպարթ։ Երիտասարդները նոյնպէս եւ ծերերը, քահանաներն ու եպիսկոպոսները ձեռք ձեռքի տուած օգնութեան կը հասնին քրիստոնեայ եւ իսլամ բնակիչներուն, որոնք ծանր ու դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուին եւ ասիկա յանուն եղբայրակցութեան, զօրակցութեան ու յարգանքի։
Մենք եպիսկոպոսներս ամէն ջանք կը թափենք օգնութեան հասնելու քրիստոնեաներուն, որպէսզի չհեռանան իրենց տունէն, հայրենիքէն։ Հալէպի քրիստոնեաներուն 25 տոկոսը դժբախտաբար քաղաքէն հեռացած է ասիկա մեր եկեղեցիներուն համար մեծ վէրք մըն է ու մեծ ցաւ։ Քահանաներէն խնդրեցի որ ամէն ջանք թափեն որպէսզի այս տարուայ ս. Ծնունդը տօնախմբուի ուրախ եւ յոյսի նշանով։








All the contents on this site are copyrighted ©.