2014-12-02 14:33:11

Կրօնքներու ներկայացուցիչներու ստրկութեան դէմ յայտարարութեան ստորագրութեան արարողակարգը։


(Ռ.Վ. 2 դեկտեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2014ի առաւօտեան Վատիկանի ''Casina Pio IV''ի մէջ տեղի ունեցաւ կրօնքներու ներկայացուցիչներու ստրկութիեան դէմ յայտարարութեան ստորագրութեան արարողակարգը, համաձայն 17 Մարտ 2014ին Վատիկանի մէջ գոյացած համաձայնութեան որ հիմնեց ''Global Freedom Network'', ունենալով իբր գործակից նաեւ ''Walk Free'' հաստատութիւնը։
Համաձայնութեան նպատակն է մինչեւ 2020 թուական արմատախիլ ընել գերութեան եւ մարդու վաճառքի արդի ձեւերը։ Յուշագիր համաձայնագիրը եւ հասարակաց յայտարարութիւնը, որ կը հիմնէ ''Global Freedom Network''ը՝ կը կրէ հետեւեալ ստորագրութիւնները. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կողմէ՝ Marcelo Sanchez Sorondo, Քահանայապետական Գիտութիւններու Կաճառի եւ Քահանայապետական Ընկերային Գիտութիւններու Կաճառի Խորհրդական։ Եգիպտոսի Ալ Ազհար Համալսարանի Մեծ Իմամի կողմէ՝ Dr. Mahmoud Azab։ Քանթըրպըրիի Արքեպիսկոպոս Justin Welbyի կողմէ՝ հոգեշնորհ Sir David John Moxon, Արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ Սուրբ Աթոռի մօտ։ Walk Free Foundation հաստատութեան կողմէ՝ հիմնադիր Andrew Forrest։ Արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ ըսաւ՝ ներշնչուած մեր դաւանանքէն եւ հաւատքէն՝ հաւաքուած ենք հոս հաստատուն գործի մը պատմական նախաձեռնութեան համար։ Կ'ուզենք յայտարարել թէ միասնաբար պիտի աշխատինք արմատախիլ ընելու համար արդի գերութեան ահարկու պատուհասը իր բոլոր ձեւերով։
Այր մարդոց, կիներու եւ երեխաներու ֆիզիքական, տնտեսական, սեռային եւ հոգեբանական չարաշահումը՝ տասնեակ միլիոնաւոր անձեր կը կաշկանդեն անմարդկային խոնարհեցումի մէջ։ Մարդկային իւրաքանչիւր էակ Աստուծոյ պատկերն է։ Աստուած սէր է եւ ազատութիւն. Ան ինքզինք կը պարգեւէ միջանձնական յարաբերութիւններու մէջ։ Հետեւաբար իւրաքանչիւր մարդկային էակ ազատ անձ մըն է, իր գոյութեամբ՝ տրամադրուելու ուրիշի բարիքին՝ եղբայրական հաւասարութեամբ։ Իւրաքանչիւր անձ եւ բոլոր անհատները հաւասար են եւ պէտք է բոլորին համար ճանչնալ նոյն ազատութիւնը եւ նոյն արժանապատուութիւնը։ Ստորադասումի որեւէ պարագայ, որ չի յարգեր այս հիմնական համոզումը՝ ոճիր մըն է։
Ասոր համար, բոլորի անունով եւ մեզմէ իւրաքանչիւրի հաւատքի անունով կը յայտարարենք, որ արդի գերութիւնը ոճիր մըն է մարդկայնութեան դէմ։
Հակառակ մեծ ճիգերու արդի գերութիւնը մեծապէս ընդարձակուած է ամբողջ երկրագունդի տարածքին։ Այս ոճիրը ունի պէսպիսի արտայայտութիւններ՝ ենթարկելով զոհերը բոզութեան, պարտադիր աշխատանքի, ֆիզիքական աղճատումի, մարմնի անդամներու վաճառքի, թմրեցուցիչի սպառումի եւ երեխաներու աշխատանքի։
Կոչ կ'ուղղենք բոլոր հաւատացեալներուն, ղեկավարներուն, պետութիւններուն եւ հաստատութիւններուն, որ ցուցաբերեն իրենց երկաթեայ աջակցութիւնը եւ մասնակցին արդի գերութեան դէմ կազմուած շարժումին։
Կը խնդրեմ Տիրոջմէ որ տայ իր շնորհքը մեզի այս մեր նախաձեռնութեան մէջ եւ լսելու Յիսուսի ձայնը՝ ''Որովհետեւ արարէք միում յեղբարցս այսոցիկ փոքրկանց՝ ինձ արարէք։'' (Մտթ ԻԵ. 40)








All the contents on this site are copyrighted ©.