2014-12-02 12:01:07

Թուրքիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի երախտագիտական նամակը Ֆրանչիկսոս Պապին։


(Ռ.Վ 2 դեկտեմբեր 2014) Երկուշաբթի, 1 դեկտեմբերին, Թուրքիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը յանուն Թուրքիոյ քրիստոնեայ հասարակութեան, երախտագիտական նամակ յղած են Ֆրաչնիսկոս Պապին՝ թուրքիա կատարած այցելութեան ու Անոր փոխանցած մխիթարութեան եւ սփոփանքին։
Շնորհակալ ենք Սրբազան Հայր Թուրքիա այցելութեան պարգեւին, ուր կրցաք գտնել ոչ միայն առատաձեռն ժողովուրդ մը այլ կենդանի քրիստոնեայ հասարակութիւն։ Կաթողիկէ եկեղեցին՝ Թուքրիոյ մէջ, փոքրիկ հասարակութիւն ըլլալով հանդերձ, գիտակից է՝ թէ կը պատկանի աւելի մեծ եւ հզօր հասարակութեան մը, որ մեզի կու տայ քաջութիւն, զօրութիւն դիմագրաւելու համար առօրեայ դժուարութիւնները քրիստոնէական վկայութեան ի խնդիր։
Շնորհակալ ենք Ձեզի Սրբազան Հայր, մեզի վերյիշեցնելու համար, որ Իսկական խաղաղութիւնը չի կրնար հաստատուիլ եթէ հիմնուած չըլլայ մարդոց իրաւունքներու եւ արժանապատուութեան յարգանքի հիման վրայ։
Ընդառաջելով Ձեր հրաւէրին, մենք պիտի հանդիսանանք գլխաւոր դերակատարները՝ Թուրքիող մէջ՝ Միջ-կրօնային, միջ-մշակութային՝ երկխօսութեան, նպաստելու համար հաւատացեալներու միջեւ աջակցութեան` ընկերային առողջ համ կեցութեան հիման վրայ։
Թուրքիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք ապա նամակի աւարտին կը վստահեցնէ Թուրքիոյ կաթողիկէ հասարակութեան աղօթքը` Սուրբ Պետրոսի յաջորդի դիտաւորութեան ու կը հայցէ Սրբազան Հօր աղօթքը Թուրքիոյ ժողովուրդին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.