2014-12-01 09:26:12

Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովը աջակցութիւն կը յայտնէ Ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման


Սենեկալի մայրաքաղաք Տաքարի մէջ ընթացող ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 15-րդ գագաթաժողովը ընդունեց Ճգնաժամային իրավիճակներու հանգուցալուծման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերեալ եզրափակիչ բանաձեւ մը, ուր Հայաստանի առաջարկութեամբ ամրագրուեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու լիակատար աջակցութիւնը` ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերուն: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ԱԳՆ մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը:
“Կոչ կ՛ընենք հակամարտութեան բոլոր կողմերուն զերծ մնալու ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառումէն, որ կրնայ վտանգել կարգաւորման խաղաղ գործընթացը, շարունակելու բանակցութիւնները Մինսկի խումբի համանախագահներու միասնական եւ անբաժան հենք հանդիսացող առաջարկութիւններու հիման վրայ` մասնաւորապէս` ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ”, – ամրագրուած է Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան 15-րդ գագաթաժողովի եզրափակիչ բանաձեւին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսախօս երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդին նիստը յաջորդ տարի տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցումով` այս որոշումը միաձայն հաստատուեցաւ Ֆրանսախօութեան միջազգային կազմակերպութեան 15-րդ վեհաժողովին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 29-30 նոյեմբերին Սենեկալի մայրաքաղաք Տաքարի մէջ: Վեհաժողովին կը մասնակցէին 80 անդամ երկիրներու պատուիրակութիւններ:







All the contents on this site are copyrighted ©.