2014-12-01 13:32:10

Ֆրանչիսկոս Պապի Թուրքիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան մամլոյ ասուլիսը։


''Փափաքս է որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բացուի''

(Ռ.Վ. 1 դեկտեմբեր 2014) Կիրակի, 30 նոյեմբերին, Թուրքիայէն Վատիկան վերադարձի ուղեւորութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը օդանաւին մէջ իրեն ընկերացող լրագրողներուն հանդիպելով պատասխանեց անոնց ուղղած շարք մը հարցումներուն։
Իսլամական ծայրայեղականութեան արարքներու մասին խօսելով Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնեց թէ ''Քուրանը'' խաղաղութեան գիրք մըն է եւ Իսլամական կրօնը կարելի չէ բաղդատել ահաբեկչութեան հետ, յարկ է որ որ Իսլամ կրօնի պատկանող հոգեւոր գերագոյն պետերը դատապարտեն տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքները։
Իսկ ակնարկելով Միջին Արեւելքէն տեղահանուած եւ նահատակուած քրիստոնեաներու մասին Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ նահատակները մեզի կոչ կ՝ուղղեն աղաղակելով թէ ՝մէկ ենք , արդէն իսկ Հոգիով միացած ենք՝ կը միանանք նաեւ արեամբ։ Այս ուղղութեամբ Քահանայապետը մաղթանք յայտնեց այցելելու նաեւ Իրաքը, որ առ այժմ անկարելի է` քաղաքական անկայուն վիճակի բերումով։
Ֆրանչիսկոս Պապը պատասխանելով՝ 2015ին, հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի առթիւ նախատեսուած ձեռնարկներու մասին իրեն ուղղուած հարցումին` նշեց Թուրքիոյ երբեմնի վարչապետ Էրտոկանի, անցեալ ապրիլ 24-ին, յղած նամակը, ցայն որակելով որպէս ''փոքրիկ քայլ մը'', թէեւ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - նամակը շատերէն նկատուեցաւ ''տկար''։ Ան ապա ընդգծեց երկու ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան կարեւորութիւնը, յոյս յայտնելով որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանները բացուին։ Աղօթելու ենք երկու ժողովուրդներու հաշտութեան ի խնդիր։ Եկող տարի բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ նախատեսուած են հարիւրամեակի յիշատակումին համար մաղթենք որ մօտեցումի փոքրիկ քայլեր ալ իրականացուին։
Օրթոտոքս եկեղեցիներու հետ համամիութենական ծրագիրներուն մասին խօսելով Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնեց թէ պէտք է շարունակենք երկխօսութեան ուղիին՝ աղօթելով, միասնաբար աշխատելով եւ բարեսիրական գործունէութիւններ կատարելով։







All the contents on this site are copyrighted ©.