2014-12-01 09:56:50

Իսթանպուլի Եկեղեցին միշտ աւելիով միջազգային։


(Ռ.Վ. 1 դեկտեմբեր 2014) Իսթանպուլի առաքելական տեղապահը` գերապայծառ Լուի Փելաթր, խօսելով Թուրքիոյ կաթողիկէ-օրթոտոքս քրիստոնեաներու յարաբերութեան մասին ըսաւ. ''40 տարիէ ասդին միասնաբար կ՛աշխատինք համամիութեան ի խնդիր, ես ականատես եմ մինչեւ օրս կատարուած բարեփոխութիւններուն ու յառաջդիմութիւններուն։
Այսօրուայ հաւատացեալը աւելի բարեացակամութեամբ կ’ըմբռնէ անհրաժեշտութիւնը եկեղեցւոյ միութեան։ Գալով Թուրքիոյ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, ներկային, լատին եկեղեցին թէեւ փոքրաթիւ է սակայն անիկա կազմուած է զանազան ազգերէ եկած հաւատացեալներէ` ափրիկեցի, փիլիպեացի Քորէացի եւայլն...։ Անոնք կը կազմեն միջազգային ընտանիք մը, եռանդուն ու աստուածավախ հաւատացեալներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.