2014-12-01 10:30:00

2014-ի Դեկտեմբեր ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։


(Ռ.Վ. 1 դեկտեմբեր 2014) Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները որ ընդհանրապէս ստորաբաժանուած են ''ընդհանրական եւ միսիոներական'' աղօթքի դիտաւորութիւններու, 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ, շեշտը դնելու համար աղօթքի կեդրոնականութեան վրայ եւ վերարծարծելու 2012-ի նոր աւետարանութեան մասին տեղի ունեցած սիւնհոդոսի կարեւորութիւնը։
2014-ի Դեկտեմբեր ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրուած է.
''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի Փրկչին ծնունդը խաղաղութիւն եւ յոյս շնորհէ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց'':
Իսկ որպէս ''Աւետարանութեան'' դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի ծնողները ըլլան ճշմարիտ աւետարանիչներ, իրենց զաւակներուն փոխանցելով հաւատքի թանկարժէք պարգեւը'' ։








All the contents on this site are copyrighted ©.