2014-11-30 10:03:26

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Թուրքիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան երրորդ եւ վերջին օրը։


(Ռ.Վ. 30 նոյեմբեր 2014) Կիրակի, 30 նոյեմբերին վերջ կը գտնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին թուրքիա կատարած երրօրեայ առաքելական ճամբորդութիւնը որ կը յատկանշուի Անդրէաս առաքեալի տօնախմբութեամբ Ֆանարի Սուրբ Գէորգ աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի ու Բարթողոմէոս Ա միասնական յայտարարութեան ստորագրութեամբ։
Կիրակի, 30 նոյեմբերի առաւօտեան 7.30 (տեղական ժամով), Նորին Սրբութեան առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը սկիզբ առաւ սուրբ պատարագի արարողութեամբ առաքելական դեսպանատան մէջ ուր ապա ընդունեց Թուրքիայի Րաբունապետ Իզաք Հալեվայն։ Յայտնենք թէ Թուրքիոյ տարածքին կ՛ապրին 25 հազար հրեաներ եւ թէ Հալէվա Րաբունապետը 2006 թուին հանդիպում ունեցած էր նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին հետ։
Հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղուեցաւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան Սուրբ Գէորգ աթոռանիստ Եկեղեցի մասնակցելու համար Սուրբ Անդրէաս առաքեալի տօնախմբութեան։
Ֆանար ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա կողմէ որ զինք առաջնորդեց Եկեղեցի մասնակցելու համար սուրբ Անդրէասի տօնին առթիւ մատուցած սրբազան արարողութեան։
Արարողութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը եւ Բարթողոմէոս Ա բարձրացան Պատրիարքական Պալատի երկրորդ յարկը` եւ Առաքելական համամիութենական օրհնութիւն շնորհեցին, զոր Ֆրանչիսկոս Պապը արտասանեց Լատիներէն լեզուով մինչ Բարթողոմէոս Ա յունարէնով։
Առաքելական օրհնութեան աւարտին երկու Եկեղեցապետերը ստորագրեցին ''միացեալ յայտարարութիւնը'' որուն աւարտին, Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան մէջ, տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ի պատիւ սարքուած սիրոյ ճաշը։
Յետմիջօրէին, նախ քան հրաժեշտ առնելը Իսթանպուլի առաքելական դեսպանութենէն, Նորին Սրբութիւնը կը հանդիպի խումբ մը երիտասարդ գաղթականներուն, որոնք Սալեզեան միաբանութեան խնամակալութեան յանձնուած են։
Հանդիպումէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛ուղղուի Իսթանպուլի միջազգային օդակայան, որտեղէն ''Ալիթալիայի'' օդանաւային ընկերութեան քահանայապետական յատուկ թռիչքով` ժամը 5-ին (հռոմի ժամով 4-ին) կ՛ուղղուի դէպի Հռոմ ուր ժամանումը նախատեսուած է 18,40-ին, Հռոմի Չամբինօ օդակայան։








All the contents on this site are copyrighted ©.