2014-11-30 15:49:40

Իսթանպուլի մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիպեցաւ խումբ մը երիտասարդներու եւ գաղթականներու հետ


(Ռ.Վ. 30 նոյեմբեր 2014) Կիրակի, 30 նոյեմբերին, յետմիջօրէին ժամը 4։00ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Թուրքիա կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, Իսթանպուլի Առաքելական դեսպանատան պարտէզին մէջ հանդիպեցաւ՝ Սալէզիան միաբանութեան հոգատարութեան յանձնուած խումբ մը երիտասարդներու եւ գաղթականներու հետ, որոնք ժամանած են Թուրքիայէն, Իրաքէն եւ միջին արեւելքէն ։
Հանդիպումի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը անոնց յղեց պատգամ մը որուն մէջ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին՝ բազմապատկելու իրենց գործունէութիւնները՝բռնութիւններու կասեցման ի խնդիր, իսկ քաղաքական իշխանութիւնները հրաւիրեց անդրադառնալու, թէ իրենց իշխանութեան տակ գտնուող ժողովուրդները կը ձգտին խաղաղութեան։
Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց այն բազմաթիւ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն որոնք թուրքիոյ մէջ կը զբաղին Սուրիացի եւ Իրաքցի գաղթականներու հարցերով. Ապա՝ պատգամին աւարտին յայտնեց, թէ Կաթողիկէ եկեղեցին՝ Սալէզիան միաբանութեան միջոցաւ կը նպաստէ գաղթականներու կազմաւրոման եւ դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ իր ընկերային ու եղբայրասիրական կազմակերպութիւններու միջոցաւ, Ան կը շարունակէ պաշտպան կանգնիլ գաղթականներուն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.