2014-11-29 09:02:19

Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Վարժարանները նշեցին Տ. Ներսէս Պետրոս
Կաթողիկոս Պատրիարքի գահակալութեան 15-ամեակը


28 Նոյեմբեր 2014-ին, Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու աշակերտութիւնը յատուկ հանդիսութեամբ մը նշեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի գահակալութեան 15-ամեակը:
Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդին կողմէ հրաւիրուած հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Աշրաֆիէի ՀԿՄ կեդրոնի “Արարատեան” սրահին մէջ, ներկայութեամբ Հոգեւոր տիրոջ, հայ կաթողիկէ հոգեւորականներու, դպրոցներու տնօրէններուն, ուսուցչական եւ տեսչական կազմերու ներկայացուցիչներուն եւ հայ կաթողիկէ վարժարաններու բարձր կարգերու աշակերտներուն:
Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, զորս կատարեց Մեսրոպեան վարժարանի “Ծիծեռնակ” երգչախումբը, ղեկավարութեամբ պրն. Մանուէլ Քեշիշեանի: Այնուհետեւ, օրուան հանդիսավարը՝ օրդ. Լիւսի Տէօքմէճեան ներկայացուց Հոգեւոր Տիրոջ ամփոփ կենսագրութիւնը, որուն յաջորդեց “Հայրապետական օրհներգը”՝ դարձեալ “Ծիծեռնակ” երգչախումբի կատարողութեամբ:
Աշակերտութեան անունով արտասանուած խօսքին մէջ, Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտուհի Սէրլի Ապրիլեան ներկայացուց ընդհանուր գնահատականը անցած 15 տարիներու Հոգեւոր տիրոջ գործունէութեան՝ հայ եկեղեցական կեանքին մէջ, լիբանանեան, միջ-եկեղեցական եւ միջազգային ասպարէզներուն վրայ եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ: Ան յատկապէս վեր բերաւ Հոգեւոր տիրոջ առաջնորդող դերակատարութիւնը Լիբանանի հայ կաթողիկէ դպրոցներու զարգացման մէջ եւ անոր աչալուրջ հսկողութիւնն ու հոգածութիւնը անոնց նկատմամբ: Աշակերտուհին ընդգծեց, որ Հոգեւոր տէրը մեծագոյն ուշադրութիւն դարձուց առ այն, որ հայ կաթողիկէ վարժարանները զարգացնեն քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան իրենց դերակատարութիւնը, բարելաւեն ուսուցչական գործի որակը եւ միշտ հետամուտ ըլլան նորարարութեան:
Խօսք առաւ Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Հայր Գէորգ Ծ.Վ. Եղիայեան, որ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Հոգեւոր տիրոջ, հայ դպրոցին համար կատարած բախտորոշ գործերուն համար: Խօսքը ուղղելով Հոգեւոր տիրոջ, ան ըսաւ. “Անցնող 15 տարիներուն ընթացքին Դուք ոչ միայն Ձեր վերահաս ուղղութիւններով, հայրական քաջալերանքով եւ ապագայի տեսլիքներով ուզեցիք գօտեպնդել հայ կաթողիկէ վարժարանները` կատարելու համար իրենց իւրայատուկ առաքելութիւնը լիբանանահայութեան կեանքին եւ լիբանանեան այլազան շրջանակներուն մէջ, կերտելու կատարեալ մարդը, կատարեալ հայը եւ կատարեալ հայրենասէր քրիստոնէան, այլեւ յորդորեցիք բոլորս, որպէսզի հայ կաթողիկէ վարժարանները դառնան իսկական դարբնոցներ, ուր հայ աշակերտները լաւագոյնս դաստիարակուին եւ կազմաւորուին ընդունելու համար դարուս մարտահրաւէրները, մարտահրաւէրները օտարացումի, այլասերումի, կրօնական անհաւատութեան, հոգեբանական եւ ֆիզիքական ախտերու”:
Հոգեւոր Տիրոջ գահակալութեան 15-ամեակին առիթով, Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէնները յուշանուէր մը յանձնեցին Հոգեւոր Տիրոջ, իբրեւ արտայայտութիւն անոր հանդէպ Լիբանանի հայ կաթողիկէ կրթական ընտանիքի սիրոյն եւ երախտագիտութեան:
Հանդիսութեան գեղարուեստական մասով, Սրբուհի Ագնէս վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին “Հայոց Հրաշք” ասմունքը (համադրութիւնը՝ Սիլվա Գանգրունիի), իսկ Սուրբ Խաչ-Գ. Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները՝ յատուկ այս առիթով պատրաստուած ձօն մը՝ ուղղուած Հոգեւոր տիրոջ (համադրութիւնը՝ Սոնա Կէտիքեանի), ընկերակցութեամբ անոր գործունէութիւնը ներկայացնող պատկերաշարի մը: Երաժշտական համար մը կատարեցին Ս. Հռիփսիմեանց վարժարանի սաներ Ալեք եւ Արէն Տօնէրեաններ (դաշնամուր եւ ջութակ), նուագելով Քէօսէեանի “Concertino R-Mineur”-ը:
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը: Ան խոր զգացուածութիւն արտայայտեց իր անձին ուղղուած շնորհակալական եւ բարեմաղթական արտայայտութիւններուն համար, շեշտելով, որ այն ամէն ինչը, որ իբրեւ իրագործում կը կապուի իր անձին, գործն է Աստուծոյ, Որուն եւ կ՛երթայ ամենայն փառք ու պատիւ: Այս առիթով, Հոգեւոր Տէրը կոչ ուղղեց աշակերտներուն ամենայն զօրութեամբ փարելու հայ քրիստոնէական ինքնութեան եւ պատկանելիութեան, վստահեցնելով, որ հայ հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը այն հիմքն է, որուն վրայ հայ աշակերտը կրնայ լաւագոյնս կերտել իր անձն ու անհատականութիւնը՝ կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ, հպարտութիւն բերելով ինչպէս իր անձին, նոնպէս եւ իր ընտանիքին, ազգին եւ եկեղեցիին: Հոգեւոր տէրը յորդորեց ներկաները, որ մնան անվհատ՝ կեանքի դժուարութիւններուն դէմ, ըլլան հաւատարիմ, ծառայասէր եւ ջանասէր, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցէն աւանդ մնացած արժէքները դաւանելով որպէս կեանքի ուղեցոյց:
“Հայ Դպրոցի Հայրապետ”ի գահակալութեան 15-ամեակի նշման աշակերտական հանդիսութիւնը փակուեցաւ Հոգեւոր տիրոջ “Պահպանիչ”ով:

Լրատուական գրասենեակ
Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Վարժարաններու
Տնօրէններու Խորհուրդի







All the contents on this site are copyrighted ©.