2014-11-29 16:02:11

Գ. Կիրակի Յիսնակաց


Յիսուս, այսօր մեզ կը հրաւիրէ ապաշխարութեան. «Կ՛ըսեմ ձեզի եթէ չապաշխարէք` բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք»: Ի՞նչ կը նշանակէ ապաշխարել: Ապաշխարութիւն կը նշանակէ ապա-աշխարել, այսինքն՝ լալ, ողբալ, մէկ խօսքով՝ կատարած մեղքի համար զղջալ եւ դարձի գալ` Անառակ Որդիին նման որ ինքնիրեն եկաւ եւ դարձաւ իր հայրենի տունը, որպէսզի մեղքերուն մէջ չկորսուէր սովամահ:

Յիսուսի հրաշափառ Ծննդեան տօնին պատրաստութեան լաւագոյն պատկերը Անպտուղ Թզենիին առակը կը հանդիսանայ: Այս պատկերը թզենիին, որով Հին Կտակարանի մէջ զանազան անգամներ գործածուած է, քաջ օրինակ մըն է մեր Հօր Աստուծոյ համբերատարութեան եւ լայնամտութեան Քրիստոսի անձին միջոցաւ: Թէեւ Աստուծոյ համբերատարութեան մասին կը կարդանք առակին մէջ, բայց առակը միաժամանակ կը պարզէ որ Աստուծոյ համբերութիւնը չափ ու սահման ունի:
Սիրաք Գիրքին մէջ կը կարդանք հետեւեալ խօսքը. «Մի՛ ըսեր մեղք գործեցի, բայց ի՞նչ եղաւ ինծի: Տէրը համբերատար է. Աստուծոյ ներումէն ինքնավստահ մի՛ ըլլար` մեղքերուն վրայ մեղքեր աւելցնելով: Մի՛ ըսեր Տիրոջ գթութիւնը մեծ է, եւ Ան իմ բազում մեղքերս կը քաւէ, որովհետեւ անոր մօտ կայ ե՛ւ ողորմութիւնը ե՛ւ բարկութիւնը, եւ Անոր զայրոյթը կ՛իջնէ մեղաւորներու վրայ: Որդեա՛կ, մի՛ յապաղիր օրէ օր քու մեղքերէդ դարձի գալ դէպի Տէրը, որպէսզի Աստուծոյ զայրույթը հանկարծակի չգայ եւ մեղքերուդ մէջ մեռնիս»:
Կան մեկնիչներ, որոնք կ՛ըսեն թէ առակին մէջ յիշուած «Երեք տարի» բացատրութիւնը ակնարկութիւն է մարդուն կեանքի գլխաւոր երեք հանգրուաններուն` մանկութեան, երիտասարդութեան եւ ծերութեան: Աստուած մարդուն փրկութիւնը կը հետապնդէ իր մանկութենէն սկսեալ մինչեւ անոր ծերութիւնը եւ վերջին շուչը:
Համբերութիւնը առաջին պայմանն է ամէն տեսակ յաջողութեան եւ իրագործումի: Ամէն իրագործում, ամէն աշխատանք որպէսզի արդիւնաբեր ըլլայ ժամանակի կը կարօտի: Հիւանդ մը բժշկուելու համար ժամանակի կը կարօտի, վէրք մը` գոցուելու համար: Ծաղիկը` բացուելու համար, մազը, մօրուքը երկարելու համար: «Համբերէ՛ որպէսզի համ բերէ» կ՛ըսէ առակը: Համաբերութիւնը առաջին զէնքն է նաեւ բոլոր տառապանքներուն ու դժուարութեանց դիմաց:
Անպտղաբեր ծառերը կը նմանին այն մարդոց որոնք պաշտօններ կը ստանձնեն որեւէ ասպարեզի մը մէջ, պաշտօնէն եւ դիրքէն կ՛օգտուին, իրենց շահը ապահովելու, սակայն ոչ մէկ ձեւով կ՛օժանդակեն ուրիշ մարդկանց նպաստին եւ յաջողութեան:
Առակը հոգեւոր եւ կրթական դաս մըն է: Այսօր դպրոցի մը մէջ եթէ աշակերտ մը մտային կարողութիւններով սահմանափակ է, կամ ծոյլ է, դաստիարակիչները մէկ տարի 2 տարի կրնան համբերել, բայց եթէ աշակերտը չուզեր արդիւնք տալ, դպրոցէն դուրս կը դրուի, որովհետեւ կրնայ ամբողջ դասարանի աշակերտներուն ուժը սպառել: Որովհետեւ ծառը որ պտուղ չի տար, կը կտրուի եւ կրակ կը նետուի, տեղ տալով ուրրիշ պտղատու ծառի մը:
Աստուծոյ համբերութիւնը չհատնած, եկէք օգտուինք այգեպանին կողմէ, քրիստոսի կողմէ, մեզի ընծայած շնորհքներէն ու առիթներէն, որպէսզի զուր տեղ չվատնենք զանոնք, եւ իրեն յանձուինք խնամքի կարօտ եղող ծառի մը նման ըսելով. «Ով Տէր իմ, Յիսուս, ես քաջ գիտեմ թէ դուն որքան խնամք տարիր հոգւոյս ծառին, սակայն ես մինչեւ հիմայ չի տուի այն պտուղները, զորս ինձմէ կը սպասէիր: Ըրէ` որ այսուհետեւ անպտուղ ծառ մը չըլլամ այգիիդ մէջ»: ամէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.