2014-11-28 17:08:00

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին նամակը կրօնաւորներուն, ''Նուիրեալ անձերու'' տարւոյն առթիւ` ''Աշխարհը արթնցուցէք'' նշանաբանով։


(Ռ.Վ. 28 նոյեմբեր 2014) Կիրակի`30 Նոյեմբերին սկիզբ կ'առնէ ''Նուիրեալ Անձերու - կրօնաւորներու տարին։ Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը նամակ մը ուղղած է աշխարհի բոլոր կրօնաւորներուն եւ կրօնաւորուհիներուն, որով կը մատնանշէ ''Անձինք Նուիրեալք Տարւոյն նպատակակէտն ու ակնկալիքները։
Նշենք որ Անձինք նուիրեալք տարին կեզրափակուի 2 Փետրուար 2016-ին։
Իր հայրական նամակին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ կրօնաւորները.
Աառաջին` երախտագիտութեամբ դիտելու անցեալը, իրենց ինքնութեան ողջ պահպանումին համար առանց անտեսելու իրենց զանցառութիւններն ու անհաւատարմութիւնները։
Երկրորդ` եռանդով ապրիլու ներկան, լիովին ապրելու Աւետարանը ու հասարակաց ոգին։
Երրորդ` յոյսով ողջագուրելու ապագան, առանց վհատելու դժուարութիւններու ու խոչընդոտներու առջեւ այլ վստահելով աստուածային նախախնամութեան վրայ եւ Աւետարանի պատգամը տանելով մշակոյթներու ու ընկերային բոլոր խաւերուն։
''Գիտցէք հաղորդել ձեր ապրած հաւատքի ուրախութիւնն ու երջանկութիւնը։ Միմիայն եղբայրական սիրոյ, զօրակցութեան ու բաժանումի ապրումով Եկեղեցին կարժէքաւորուի։ Եկեղեցի մը որ պէտք է հանդիսանայ դարբնոցը մարգարէներուն, կարող խորացնել պատմութիւնը ու մեկնաբանել դէպքերը դատապարտելով մեղքին չարիքն ու անարդարութիւնները'' կը գրէ Քահանայապետը։
ֆարնչիսկոս Պապը կրօնաւորներէն չի սպասեր ցնորքներով ապրիլ, այլ ապրիլ Աւետարանի ոգիով, ուր կը տիրէ եղբայրութիւնը ու փոխադարձ սէրը։
Սրբազան Հայրը կը բաղձայ որ կրօնաւորական տարին առիթ մը հանդիսանայ որ կրօնաւորական զանազան միաբանութիւնները ու խարիզմները իրարու հետ աւելի սերտօրէն ապրին ու գործակցին գաղթականները հիւրընկալելով եւ աղքատներուն օգնութեան հասնելով։
Նամակին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կընդգծէ այն աշխարհականներուն դերը, որոնք նուիրեալներու հետ կը բաժնեն նոյն իտէալները, ոգին ու առաքելութիւնը։ Հուսկ եպիսկոպոսներուն ուղղած խօսքին մէջ կը հրաւիրէ զանոնք հոգատարութեամբ սատարելու իւրաքանչիւր կրօնաւորական միաբնութեան` որպէսզի անդամները կարողանան ապրիլ իրենց խարիզմերը եւ օգնել ի յայտ դնելու կրօնաւորական կեանքի գեղեցկութիւնն ու սրբութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.