2014-11-27 08:25:04

Հայկական Լաւաշը ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկի մէջ։


Նոյեմբեր 26-ին Փարիզի մէջ ընթացող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին համաձայնագրի միջկառավարական կոմիտէի 9-րդ նիստին որոշում կայացուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ ներառել Հայաստանի կողմէն ներկայացուած «Լաւաշ. աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ» դիմումը:
2013թ. ներկայացուած դիմումը անցած է համաձայնագրով սահմանուած ընթացակարգային փուլերը` ստանալով փորձագիտական դրական եզրակացութիւն։
Այսպիսով, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկը համալրուեցաւ հայկական եւս մէկ` չորրորդ մշակութային արժէքով:

Դիմումը պատրաստուած է ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ Հայաստանի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովի կողմէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.