2014-11-27 08:23:07

Դամասկոսի Հայկական վարժարաններու ուսուցիչներու գնահատանքի հաւաք


Դամասկոսի Հայկական վարժարաններու ուսուցիչներու գնահատանքի հաւաք
Դամասկահայ Շտապ Օգնութեան Մարմինի (ԴՇՕՄ) հրաւէրով հաւաքին ներկայ էին 70-է աւելի հայերէնի եւ հայ ուսուցիչներ: ԴՇՕՄ-ի անունով բացման խօսք արտասանեց տիար Պօղոս Խաճարեանը բացատրելով հաւաքին նպատակը, զոր հայ ուսուցիչին զօրաւիգ կանգնիլն է, աժակցիլը եւ զինք գնահատելը: Այս մասին կը հաղորդէ -ն
Ապա իր օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, գնահատելով հայ ուսուցիչին հերոսական ծառայութիւնը, որ առանց տկարանալու եւ վհատելու Սուրիոյ մէջ տիրող դժուարին պայմաններուն դիմաց, քաջաբար կը շարունակէ հայ մանուկը թրծել հայկական ոգով եւ ջամբել հայեցի դաստիարակութեամբ: Հաւաքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Հայր Գէորգ Պահէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.