2014-11-25 09:58:18

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հեռագիրերը՝ դէպի Սդրազպուրկ ճամբորդութեան ընթացքին։


(Ռ.Վ. 25 նոյեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 25 նոյեմբերին, Սդրապզուրկ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ըստ աւանդութեան, հեռագիրեր ուղղեց` սաւառնած երկիրներու՝ Իտալիոյ, Զուիցերիոյ, եւ Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահներուն։
Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ՝ Նափոլիթանոյի ուղղած հեռագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը գրեց՝ ''Մինչ կը թողում Հռոմ քաղաքը, այցելութիւն կատարելու Սդրազպուրկի Եւրոպական խորդհարան, ինծի հաճոյք կը պատճառէ փոխանցել իմ ողջոյններս ու մաղթանքներս՝ հոգեկան, քաղաքացիական եւ ընկերային անդորրութեան՝ Իտալիոյ համայն ժողովուրդին որուն կը ջամբեմ իմ առաքելական օրհնութիւններս։
Իսկ Զուիցերիոյ դաշնակցային հանրապետութեան նախագահին` Տիար Տիտիէ Պուրխաթէի ուղղած հեռագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը գրեց թէ ''Անոր եւ Զուիցերիոյ ժողովուրդին համար կ՝ապահովէ իր աղօթքներն ու անոնց կը փոխանցէ Տիրոջ օրհնութիւնները։
Ապա, Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ` Հոլանտին ուղղած հեռագիրին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը գրեց՝ ''Մինչ կ՝անցնիմ Ֆրանսայի օդային տարածքէն, սրտանց կ՛ ողջունեմ Ձեզ եւ ձեր Ժողովուրդը։ Համշախարհային Ա պատերազմի հարիւր ամեակի սեմին, մաղթանքներս են խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում Ֆրանսայի եւ համայն Եւրոպայի ժողովուրդին։ Թող Տէրը օրհնէ ձեր հայրենիքն ու ժողովուրդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.