2014-11-25 16:13:39

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը վերադարձաւ Վատիկան։


(Ռ.Վ. 25 նոյեմբեր 2014) Սդրազպուրկ կատարած միօրեայ այցելութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կէսօրուայ ժամը 1,20-ին, մեկնեցաւ Սդրազպուրկի միջազգային օդակայանէն եւ վերադարձ կատարեց Վատիկան։
Ուղեւորութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը, սովորութեան համաձայն, հեռագիրեր յղեց երկիրներու նախագահներուն որոնց օդային տարածքի վրայէն անցաւ` Ֆրանսա, Գերմանիա, Զուիցերիա եւ Իտալիա։
Ան ապա յատուկ զրոյց մը ունեցաւ իրեն հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ։
Յայտնենք թէ Սդրացպուրկ կատարած այցելութեան առթիւ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ Տիկ Հելմա Շմիտին հետ` գերմանացի ծերունի Տիկին մը որ 1986 –ին, երկու ամսուայ տեւողութեամբ իր տան մէջ հիւրընկալած էր Ֆրանչիսկոս Պապը երբ ան ուսմունքը կը կատարեր Գերմանիոյ մէջ։
Սրբազան Քահանայապետի օդանաւը վայրէջք կատարեց Հռոմի Չամփինօ միջազգային օդակայան ժամը 16-ին, երկու ժամ տեւող թռիչքէ ետք։
Յայտնենք որ 28-30 նոյեմբեր նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Պապի 6-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը դէպի Թուրքիա։








All the contents on this site are copyrighted ©.