2014-11-25 09:13:39

Մամլոյ հաղորդագրութիւն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Եգիպտոսի նախագահին շնորհած ունկնդրութեան մասին։


(Ռ.Վ. 25 նոյեմբեր 2014) Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ Երեքշաբթի, 24 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Տիար Ապտել Ֆաթթահ Ալ Սիսին` Եգիպտոսի հանրապետութեան նախագահը, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետքարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ։ Սիրալիր զրոյցները կեդրոնացան Երկիրն իրավիճակի մասին ընդգծելով Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը, համայն եգիպտացի ժողովուրդին նկատմամբ, քաղաքական անցքի այս ժամանակաշրջանին։
Միաժամանակ յոյս յայտնուեցաւ որպէսզի, նոր սահմանադրութեան բարեկարգումներուն ծիրէն ներս նկատի առնուած մարդկային իրաւունքն ու կրօնական ազատութիւնը սատարեն ամրապնդելու խաղաղ համակեցութիւնը ընկերութեան բոլոր խաւերուն միջեւ եւ կարելի ըլլայ շարունակել միջ-կրօնական երկխօսութեան ընթացքը։
Ապա խօսուեցաւ Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային ափրիկէի խաղաղութեան եւ կայունութեան մասին ու այս առընչութեամբ Եգիպտոսի քաղաքական դերին, յատկապէս ընդգծելով երկխօսութեան եւ բանակցութեան ուղին` որպէս միակ ընտրանք վերջ դնելու բախումներուն եւ բռնութիւններուն որոնք վտանգի կը մատնեն անմեղ ու անպաշտպան բնակութիւնը եւ մարդակուին կեանքի կորուստներ կը յառաջացնեն.








All the contents on this site are copyrighted ©.