(Ռ.Վ. 25 նոյեմբեր 2014) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին եւրոպական հաստատութիւններուն
այցելութեան առթիւ կը ներկայացնենք Եւրոպայի 6 պաշտպան Սուրբերը։ Եւրոպան ունի 6 պաշտպան
սուրբեր, որոնք զատորոշուած եւ յատկանշուած են Եւրոպական երկիրներուն մէջ իրենց փոխանցած
կրօնական եւ մշակութային արժէքներով։ Եւրոպայի պաշտպան սուրբերու շարքին է՝ Սուրբ
Պենետիկտոս, որ է առաջին Եւրոպայի պաշտպան սուրբը՝ նշանակուած 1964 թուականին, Երանելի
Պօղոս Զ Քահանայապետի կողմէ, առ ի երախտագիտութիւն Պենետիկտեան միաբանութեան տածած աշխատանքին
Եւրոպայի քաղաքացիական եւ մշակութային բարգաւաճման ի խնդիր։ Սուրբ Կիւրեղ եւ Սուրբ
Մեթոտիոս, Եւրոպայի պաշտպան սուրբեր նշանակուած են Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի
կողմէ։ Վերոնշեալ երկու սուրբերը մեծ ներդրում ունեցած են Սլաւ ժողովուրդներու մէջ։ Շուէտի
Սրբուհի Պրիճիտա, ապրած է ԺԴ-րդ դարուն, Ան բազմաթիւ ուխտագնացութիւններ կատարած է Եւրոպական
երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Սուրբ Երկիր։ Եղած է զանազան բարեգործական հաստատութիւններու
հիմնադիր։ Սրբուհի Պրիճիտա, Եւրոպայի պաշտպան Սրբուհի նշանակուած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս
Բ Քահանայապետի կողմէ. Անոր բարձր հոգեւորական եւ պատմական քրիստոնէական վկայութեան համար։ Սրբուհի
Քաթէրինա Տա Սիէնա, ապրած է ԺԴ դարուն, անդամակցած է Տոմինիքեան միաբանութեան։ Պօղոս
Զ երանելի Քահանայապետը զինք նշանակած է` Եկեղեցւոյ վարդապետ։ Սուրբ Խաչի՝ Սրբուհի
Թէրեզա Պենէտէթթա (Էտիթ Շթէյն), Սրբուհի եւ մարտիրոս, ծագումով Հրէայ կաթողիկէ, վախճանած
է համաշխարհային Բ . պատերազմի նացիական շարժումի կողմէ կատարուած բնաջնջումի մարզադաշտի
մը մէջ։