2014-11-23 12:32:55

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը


(Ռ.Վ. 23 նոյեմբեր 2014) Կիրակի, 23 նոյեմբերին, կէսօրին, յաւարտ սուրբ Պետրոսի Հրապարակի վրայ գլխաւորած սրբադասման արարողութեան, Ֆրանչիսկոս Պապը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն սկիզբը ըսաւ` ՝՝Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, կ՝ուզեմ ողջունել ձեզ բոլորիդ որ հոս եկած էք պատուելու հռչակուած նոր սուրբերը, յատկապէս կ՛ողջունեմ անոնք որոնք ժամանած են Իտալիայէն եւ հնդկաստանէն ։
Նոր հռչակուած չորս իտալացի սուրբերը թող օժանդակեն, եւ վերապրեցնեն համագործակցութեան եւ ներդաշնակութեան հոգին հասարակաց բարիքին ի նպաստ ինչպէս նաեւ խրախուսեն յոյսով նայելու ապագային։
Հնդիկ սուրբերու բարեխօսութեամբ, թող Տէրը նոր թափ տայ եկեղեցւոյ առաքելութեան, ներշնչուելով սուրբերու համերաշխութեան հոգիի տիպարէն, որպէսզի Հնդկաստանի քրիստոնեաները յառաջանան՝ աջակցութեան եւ եղբայրական համակեցութեան ուղիով։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ողջունեց, կարդինալները, եպիսկոպոսաց եւ քահանաներուն դասը ինչպէս նաեւ ընտանիքներն ու ժողովրդապետական խումբերը որոնք մասնակցեցան սրբադասման արարողութեան, ու հրաւիրեց բոլոր ներկաները ''գորովով դիմել Սուրբ Կոյս Մարիամին. Թագուհի Սրբոց եւ Տիպար համայն քրիստոնեաներուն''։ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի Կիրակի, եւ խնդրելով, որ աղօթեն իրեն համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.