2014-11-23 09:28:01

23 նոյեմբերին հռչակուած նոր նոր Սուրբերու կենսագրական գիծերը


(Ռ.Վ. 23 նոյեմբեր 2014) Կիրակի 23 նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խորաններու պատուոյն բարձրացուց վեց երանելիներ`

Giovanni Antonio Farina. Վիչենցայի եպիսկոպոս եւ հիմնադիր կրօնաւորուհիներու միաբանութեան - 1803-1888։
Ծնած է Վիչենցա, Իտալիա։ Քահանայ օծուած է 1827ին։ 1836ին կը հիմնէ կրօնաւորուհիներու միաբանութիւն մը, որուն նպատակն էր աղքատ, խուլ եւ մունջ եւ կոյր աղջիկներու դաստիարակութիւնը եւ օգնութիւն հիւանդներու եւ տարիքաւորներու։ 1850ին կ'օծուի եպիսկոպոս։ Իր աղքատներու հանդէպ ցուցաբերած գուրգուրանքին շնորհիւ կոչուած է ''աղքատներու եպիսկոպոս''։ 1869ին մասնակցած է Վատիկանեան առաջին Տիեզերական ժողովին։ Երանելի հռչակուած է 2001ին՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի կողմէ։

Kuriakose Elias Chavara Della Sacra Famiglia. Քահանայ եւ հիմնադիր Կարմեղեան միաբանութեան մասնաճիւղի - 1805-1871։
Ծնած է Քերալա, Հնդկաստան։ Ռահվիրայի աշխատանք կատարած է Ասորամալապար եկեղեցւոյ համար։ Իր բարեպաշտ մօր օրինակը մեծ ազդեցութիւն գործած է իր վրայ։ Քահանայ օծուած է 1829ին։ Հիմնած է երկու միաբանութիւններ։ Առաջինը՝ արական կրօնաւորներու համար, 1831ին. եւ երկրորդը P. Leopoldo Beccaroյի հետ միասնաբար՝ կրօնաւորուհիներու միաբանութիւնը, 1855 թուականին։ Մահացած է 1871ին եւ երանելի հռչակուած է 1986ին Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի կողմէ։

Ludovico Da Casoria. Քահանայ-կրօնաւոր եւ հիիմնադիր կրօնաւորուհիներու միաբանութեան - 1814-1885։
Ծնած է Casoria (Napoli), Իատլիա։ 1832ին անդամագրուած է Փրանկիսկեան Միաբանութեան եւ քահանայ ձեռնադրուած է 1847ին։ Մեծ գուրգուրանք ունեցած է յատկապէս հիւանդներու հանդէպ, որոնց համար կը հիմնէ La Palmaյի բուժարանը։ 1854ին կը կազմակերպէ Opera dei Moretti հիմնարկը՝ ազատագրելու եւ դաստիարակելու ափրիկեցի երեխաներ, որոնք կը վաճառուէին իբր գերիներ։ Հիմնած է երկու միաբանութիւններ. առաջինը՝ 1859ին, կրօնաւորներու համար՝ մարդասիրական ծառայութիւններ մատուցանելու նպատակով։ Իսկ երկրորդը՝ 1862ին, կրօնաւորուհիներու համար, նոյն նպատակադրութեամբ։ 1866ին կ'ուղղուի Եգիպտոս։ Կարճատեւ կեցութենէ վերջ կը վերադառնայ հայրենիք, ուր բազմաթիւ մարդասիրական ծառայութիւններ կը ծաւալէ։ 1877ին Ֆիրենցեյի մէջ կը կառուցէ եկեղեցի մը՝ նուիրուած Յիսուսի Սուրբ Սրտին։ Կը մահանայ 1885ին եւ երանելի կը հռչակուի 1993ին Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի կողմէ։

Nicola Da Longobardi Կրօնաւոր 1650-1709
Ծնած է Քոզենցա, Իտալիա։ Արդէն իբր երեխայ հօր հետ զբաղած է հողագործութեամբ։ 1668ին վանական կեանքի կը նուիրուի։ Ապրած է զանազան վանքերու մէջ եւ այնտեղ գործած է իբր ժամկոչ, պարտիզպան, խոհարար, դռնապան եւ տնտես։ 1683ին հետիոտն ուխտագնացութիւն կը կատարէ Հռոմէն դէպի Լորեթօ խնդրելու Աստուծոյ օգնութիւնը Վիեննայի եւ Քրիստոնեայ եւրոպայի ազատագրման՝ թուրք-օսմանական սպառնալիքէն։
Մահացած է 1709ին եւ երանելի հռչակուած Պիոս 6րդ Քահանայապետի կողմէ

Eufrasia Eluvathingal Del Sacro Cuore. Կրօնաւորուհի 1877-1952։
Ծնած է Քերալա, Հնդկաստան՝ ազնուական ընտանիքի զաւակ։ Մօր հոգեւոր դաստիարակութենէն խանդավառ արդէն 9ը տարեկանին իր կուսութիւնը Աստուծոյ կ'ընծայաբերէ։ 1897ին կը նուիրուի վանական կեանքի։ John Menacherry եպիսկոպոսին ուղղած իր նամակները գլխաւոր աղբիւր են իր սրբակեաց կեանքի ծանօթացումին։ Ունեցած է խոր հոգեկանութիւն։ Մահացած է 1952ին եւ երանելի հռչակուած է 2006ին Բենեդիկտոս Զ. Քահանայապետի կողմէ։

Amato Ronconi. Կրօնաւոր եւ Հիմնադիր չքաւորներու եւ ուխտաւորներու հիւանդանոցին` 1226-1292։
Ծնած է Saludecio, Իտալիա։ Արդէն փոքր տարիքին կը մնայ որբ։ Ստէպ կ'այցելէ Ս. Փրանկիսկոս Ասսիզացիի կողմէ հիմնուած մատուռ մը, եւ խորապէս կը ներշնչուի Ս. Փրանկիսկոսի կեանքէն։ Կ՛անդամագրուի միաբանութեան երրորդ կարգին։ Հօրմէ իրեն ժառանգ մնացած տունը կը վերածէ ուխտաւորներու օթեւանի։ Իր կեանքը կը նուիրէ այդ ուխտաւորներու ծառայութեան։ Կատարած է նաեւ հետիոտն երկար ուխտագնացութիւններ։
Մահացած է 1292ին եւ երանելի հռչակուած է 1776ին Պիոս Զ. Քահանայապետի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.