2014-11-22 10:38:07

Ռացինկեր մրցանակի տուչութեան արարողութիւն։


(Ռ.Վ. 22 նոյեմբեր 2014) Շաբաթ 22 նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10.15-ին, Վատիկանի Քոնչիսթորօ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ռացինկեր Մրցանակի 2014-ի տուչութեան արարողութիւնը որուն հանդիսապետեց` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի անունով, Կարդինալ Լուտվիկ Միւլլէրը եւ որուն ընթացքին` Ան-Մարի Փելլեթիէն եւ գերապայծառ Վալտէմար Քրոսթովսքին պարգեւատրուեցան Ռացինկեր մրցանակով։
Ան Մարի Փելլեթիէն առաջին տիկինն է որ կ՛արժանանայ Ռացինկեր մրցանակին` ան ուսումնասիրութիւններ կարարած է կիներու մասին` քրիստոնէութեան եւ եկեղեցւոյ մէջ, մինչ գերապայծառ Քրոսթովսքին խմբագրապետն է Լեհական աստուածաբանական մէկ պարբերաթերթին։
Տուչութեան արարողութեան սկիզբը խօսք առին Ժոզէֆ Ռացինկեր – Պենետիկտոս ԺԶ Վատիկանեան հիմնարկի նախագահ` գերապայծառ Ճուզեփփէ Սքոթթօ եւ Կարդինալ Քամիլլիօ Ռունին վերոյիշեալ հիմնարկի գիտական կոմիտէի նախագահը ինչպէս նաեւ Կարդինալ Միւլլէրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.