2014-11-22 10:15:03

Հայաստանի մէջ կայ շուրջ 60,000 շաքարախտաւոր


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի մէջ ներկայ դրութեամբ կայ շուրջ 60,000 շաքարախտաւոր: Թիւը բաւական լուրջ է Հայաստանի նման փոքր երկրի մը համար, բայց չի բացառուիր, որ հիւանդներուն իրական թիւը աւելի մեծ ըլլայ, քանի որ երկրորդ տիպի շաքարախտով տառապող մարդոցմէ շատեր նոյնիսկ չեն գիտեր իրենց հիւանդութեան մասին:
14 Նոյեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս տեղեկութիւնները փոխանցած է Հայաստանի Շաքարախտի միութեան նախագահ Էլիզա Հայրապետեանը:
14 Նոյեմբերին աշխարհի մէջ կը նշուի շաքարախտի դէմ պայքարի համաշխարհային օրը, որուն առիթով Հայաստանի Շաքարախտի միութիւնը կազմակերպած էր նախաձեռնութիւն մը, որուն կը մասնակցէին միութեան անդամները, բազմաթիւ բժիշկներ, շաքարախտաւորներ եւ բարեկամներ: Ձեռնարկի աւարտին ելոյթ ունեցան շաքարախտէ տառապող երեխաներ:
Էլիզա Հայրապետեանի համաձայն՝ ինչպէս ամբողջ աշխարհին մէջ շաքարախտի դէմ պայքարի օրը 1999 թուականէն ի վեր կը նշուի Հայաստանի մէջ՝ նպատակ ունենալով կոչ ուղղել բոլոր կառավարութիւններուն՝ յատուկ քաղաքականութիւն վարելու շաքարախտի դէմ պայքարի, անոր կանխարգիլման եւ բուժման համար, իսկ հասարակութեան՝ աչալուրջ ըլլալու շաքարախտի աճող հոսքին նկատմամբ։
Շաքարախտի դէմ պայքարի համաշխարհային օրը անգամ մը եւս կը յիշեցնէ շաքարախտաւորները, որ անոնք առանձին չեն, այլ աշխարհի մէջ կայ 400 միլիոն մարդ՝ այս հիւանդութեան դէմ պայքարող:








All the contents on this site are copyrighted ©.