2014-11-22 10:45:45

Բ. Կիրակի Յիսնակաց
Ղուկ. 12, 13-31


RealAudioMP3 «Անմիտ մարդ, այս գիշեր իսկ հոգիդ քեզմէ պիտի առնեն, իսկ պատրաստածդ որո՞ւ պիտի մնայ»:
Յիսուս այսօրուան աւետարանին մէջ կը զգուշացնէ մեզ ագահութենէն ըսելով. «Զգոյշ եղէք ամէն ագահութենէ, որովհետեւ մարդուս կեանքը իր ամբարած ինչքերու առատութենէն կախում չունի, եւ իր միտքը բացատրելու համար ալ հետեւեալ առակը կը պատմէ. « Հարուստ մարդու մը արտերը, կ՛ըսէ, առատ բերք տուին. մարդը մտքէն խորհեցաւ ու ըսաւ. Ի՞նչ ընեմ, քանի որ բերքերս դնելու տեղ չունիմ` գիտեմ ընելիքս, ըսաւ, կը քակեմ շտեմարաններս եւ աւելի մեծեր կը շինեմ եւ հոն կը ժողվեմ ցորենը եւ բոլոր բարիքներս. ու ես ինծի կ՛ըսեմ. անձն իմ, շատ բարիքներ ունիս, երկար տարիներու համար ամբարած. հանգչէ, կեր, խմէ եւ զուարճացիր: Բայց Աստուած ըսաւ անոր. «անմիտ, այս գիշեր իսկ հոգիդ քեզմէ պիտի պահանջեն, իսկ պատրաստածդ որո՞ւ պիտի ըլլայ»:
Նկատի առնելու ենք որ ագահութիւնը եօթը գլխաւոր մեղքերէն մէկն է, որ պատճառ կը հանդիսանայ շատ մը մեղքերու, եւ կրնայ նաեւ մեզ յաւիտենական կորուստի տանիլ:
Երկրի վրայ մարդիկ ընդհանրապէս կը զբաղին նիւթականով աւելի քան թէ հոգեւոր բաներով: Գիշեր ցերեկ չարաչար կ՛աշխատին, ամէն ճիգ կը թափեն հարստութիւն դիզելու համար օրինաւոր եւ երբեմն ալ ապօրինի միջոցներով` խարդախութեամբ, յափշտակութեամբ, գողութեամբ, աւազակութեամբ, եւլն...: Յիսուս մերժեց երիտասարդին իրաւունքը պահանջել իր եղբօրմէն, որպէսզի քաջալերուած չըլլար զինք եւ իր միւս հետեւորդները, դառնալու հետապնդիչները նիւթական հարստութեանց: Յիսուս չկատարեց երիտասարդին խնդրանքը, որովհետեւ անոր մօտ տեսաւ դրամասիրութեան եւ ագահութեան ախտ:
Աչքերնիս առջեւ է Յուդայ Իսկարիովտացի առաքեալին դժբախտ օրինակը: Ս. Աւետարանը կը վկայէ իրեն համար, որ գող էր եւ դրամապաշտութենէ, ագահութենէ մղուած` նոյնիսկ 30 արծաթի համար իր Աստուածային Վարդապետը մատնեց անոր թշնամիներուն ձեռքը:
Մենք երկրաւոր բարիքներու լոկ մատակարարներն ենք: Պիտի գործածենք զանոնք բարեգործական նպատակներու համար, մեր չքաւոր, կարօտեալ եղբայրներուն օգնելու համար:
Անոնք պարզապէս միջոցներ են արդիւնք շահելու` երկնից Արքայութեան համար, որով մեր սրտերը ամենեւին կառչելու չեն երկրաւոր, նիւթական, վաղանցուկ բարիքներուն, որոնց համար ստեղծուած ենք եւ երկրի վրայ կը գտնուինք:
Ամէն րոպէ մահը կրնայ մեր ձեռքէն յափշտակել մեր դիզած հարստութիւնները, երկրաւոր, անցաւոր բարիքները:
Այս է այսօրուան աւետարանին մեծատան առակին մեզի աւանդած դասը, որմէ օգուտ քաղելու ենք մեր սիրտը անջատելու համար երկրաքարշ շլացուցիչ բարիքներէն, որոնք այսօր կան եւ վաղը չկան: Յովհաննէս Ոսկեբերան կ՛ըսէ թէ հարստութիւնը չարիք մը չէ եւ ոչ ալ բարիք, եւ սակայն եթէ զայն գործածենք ողորմութեան համար, բարիք կը դառնայ, իսկ եթէ ագահ ըլլանք` հարստութիւնը մեզի համար չարիք կը դառնայ: Մարդ չի կրնար վնասել մարդուն եթէ մարդը չվնասէ ինքնիրեն: Ըսել կ՛ուզեմ, կը շարունակէ Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան, թէ ո՛չ հարստութիւնը, եւ ո՛չ ալ աղքատութիւնը կրնան վնասել մարդուն: Մարդուն վնասողը` նոյնինքն մարդուն սրտին չարութիւնն է, հարստութեան կամ աղքատութեան սխալ գործածութիւնն է, կ՛եզրափակէ Ոսկեբերան: Ամէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.