Մինսքի խմբակը կոչ ուղղած է Ազրպէյճանին թոյլ տալ մօտենալու ուղղաթիռին
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կոչ ուղղած են Ազրպէյճանին կարելիութիւններ ընձեռել
վերադարձնելու 12 նոյեմբերին կործանած հայկական ուղղաթիռին զոհերուն մարմինները: Միջադէպէն
շաբաթ մը ետք միջնորդները այս հարցին շուրջ արդէն երկրորդ յայտարարութիւնը տարածած են`
ընդգծելով. «Խորապէս մտահոգ ենք, որ ազրպէյճանական ուժերու կողմէ կործանած զինուորական
ուղղաթիռի անկման վայր այցելելու համար մարդասիրական միջանցք չէ ստեղծուած»: Միջնորդները
նշած են, որ հայկական ուղղաթիռին բեկորները ինկած են սահմանագիծի չէզոք հատուածի խիտ
ականապատ տարածքին մէջ: «Կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն դադրեցնելու կրակոցները դէպքին
վայրին մերձակայքը եւ նպաստելու շրջակայ տարածքի ականազերծման», յայտարարած են միջնորդներն
ու յիշեցուցած Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն` 2010 թուականի Աստրախանի
մէջ ընդունած յայտարարութիւնը. «Այդ փաստաթուղթին ոգիին համահունչ` կը յորդորենք Ազրպէյճանը
կարելիութիւն տալու մօտենալու ուղղաթիռի անձնակազմին, Հայաստանի` լիովին համագործակցելու
եւ ներդնելու բոլոր ջանքերը` մարդասիրական այս խնդիրը լուծելու համար»: Փաստելով,
որ ԵԱՀԿ-ի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք իր խումբով այժմ կը գտնուի
շրջանին մէջ, Մինսքի խմբակի միջնորդները կը քաջալերեն կողմերը օգտագործելու անոր առաքելութիւնը`
ուղղաթիռի կործանման վայր մուտքը ապահովելու համար: «Մենք կը վերահաստատենք 12 նոյեմբերի
մեր յայտարարութիւնը եւ կրկին կը յիշեցնենք կողմերուն զինադադարը յարգելու, ինչպէս նաեւ
տագնապին խաղաղ լուծում գտնելու` Սոչիի, Նիւփորթի եւ Փարիզի մէջ անոնց ստանձնած յանձնառութիւնը»,
եզրափակած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի, ռուս եւ ֆրանսացի համանախագահները: