2014-11-21 10:33:27

Ծնողաց պատուելը Ս. Գիրքի մէջ


RealAudioMP3 «Պատուէ հայրդ ու մայրդ» պատուէրը մեզի կը թելադրէ որ մեր ծնողաց յարգենք մեզի հանդէպ ունեցած իրենց անկեղծ եւ խորունկ սիրոյն համար: Որքան արժանավայել վարձատրութիւն մը կը սպասէ Աստուծոյ վերոյիշեալ պատուիրանը պահողներուն: Անոնց հնազանդութեան առաջին պտուղն է երկարակեցութիւնը, զայս պէտք չէ հասկնալ միայն յաւիտենական կեանքին համար, այլ նաեւ ներկայ կեանքին համար: Ս. Պօղոս կ՛ըսէ. «Աստուածապաշտութիւնը ամէն բանի օգտակար է. ան ունի ներկայ եւ ապագայ կեանքին խոստումները: (Տիմ. 4, 8):
Այս վարձատրութիւնը արհամարհելի չէ, որքան որ Յովբի, Դաւիթի եւ Ս. Պօղոսի պէս անձնաւորութիւններ բաղձացած ըլլան մահը, եւ տհաճելի ըլլայ երկար ապրիլ, երբ կեանքը լի է ցաւով եւ թշուառութեամբ: Ստուգիւ, աստուածային խոստումին ընկերացող հետեւեալ բառերը. « զոր քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ»` չեն խոստանայ միայն երկար կեանք, այլ նաեւ` հանգստութիւն եւ առողջութիւն, երջանիկ ապրելու համար: Երկրորդումն Օրինացն ալ` չ՛ըսեր միայն` « որպէսզի երկար ապրիս», այլ նաեւ` « որպէսզի երջանիկ ըլլաս աշխարհի վրայ»:
Աստուած այս բարիքները կը շնորհէ անոնց` որոնց բարեպաշտութիւնը կ՛ուզէ վարձատրել. բայց կը պատահի որ` որդիական ամենամեծ սէր ունեցող զաւակներ` երկար չեն ապրիր: Աստուած զայս կ՛արտօնէ, անպայման, անոնց բարիքին համար: Անոնք կեանքէն կը հեռանան, առաքինութեան եւ պարտականութեան ուղիէն ելլելէ առաջ. «Առնուեցան, կ՛ըսէ Ս. Գիրքը, որպէսզի չարութիւնը չապականէր անոնց միտքը, եւ խաբկանքը չհմայէր անոնց հոգին» (Իմաստ. 4, 10-11): «Արդարը, կ՛ըսէ Մարգարէն, ազատեցաւ մարդոց չարութենէն»: Ուստի, պէտք չէ այլայլինք, երբ Աստուած երբեմն վաղահաս մահով իր քով կը կանչէ բարի մարդիկ:
Սակայն, եթէ Աստուած առաւելութիւններ եւ վարձատրութիւններ կը խոստանայ` իրենց ծնողներուն հանդէպ` երախտագէտ զաւակներուն, միւս կողմէ, սակայն, սոսկալի պատիժներ կը վերապահէ ապերախտ եւ անարժան զաւակներուն: Գրուած է . «Ան որ կ՛անիծէ իր հայրը կամ մայրը, մահապատիժ պիտի ընդունի» (Ելք. 31, 16-17): «Ան որ իը հայրը կը վշտացնէ, եւ մայրը կը վտարէ` թշուառական եւ անպատիւ մէկն է» (Առակ. 19, 26), Կ՛ըսէ Առակաց գիրքը: «Ան որ կ՛անիծէ իր հայրը եւ մայրը, մութիւն մէջ` մարիլը պիտի տեսնէ ի՛ր ճրագին (Առակ. 30, 20): « Աչքը` որ կ՛անարգէ հայրը եւ ծաղրանքի առարկայ կը դարձնէ մօր ծննդաբերութիւնը` թող յոշոտուի հեղեղներու ագռաւներէն եւ արծիւի ծագերէն» (Առակ. 40, 17): Սուրբ Գիրքին մէջ կը տեսնենք` թէ յաճախ Աստուծոյ բարկութիւնը կ՛իջնէ այն զաւակներուն վրայ` որոնք իրենց ծնողքը անարգած են: Դաւիթի ըմբոստ որդին, Աբիսողոմ` կը մեռնի տագի երեք հարուածներով խոցոտուած, արդար պատիժ իր ոճիրին:







All the contents on this site are copyrighted ©.