2014-11-21 11:23:08

Ասորիներու Եունան Պատրիարքը այցելեց Փարիզի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանը։


(Ռ.Վ. 21 նոյեմբեր 2014) Հինգշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2014-ին, Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանը Փարիզի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Ասորի Կաթողիկէ Ժոզէֆ Եունան Պատրիարքը, որուն կ' ընկերանային Գերապատիւ Հայր Հատայա` Ասորի Կաթողիկէ Բարձր Ատեանին նախագահը եւ Փարիզի Ասորի Կաթողիկէ համայնքին ժողովրդապետ՝ Հայր Էլի Ուարտէհ, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներուն բարեգործական ընկերութեան տնօրէն՝ Գերապայծառ Փասքալ Կոլնիշը:
Պատրիարքը` Հայ Կաթողիկէ առաջնորդին տեղեկացուց իր գործունէութիւններուն եւ ջանքերուն մասին որ կը կատարէ Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող քրիստոնեաներուն պաշտպանութեան ի խնդիր, ինչպէս նաեւ իր հանդիպումներուն` Եւրոպայի եւ Ֆրանսայի խորհրդարաններու նախագահներուն եւ անդամներուն հետ, եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար` Լորան Ֆապիուսի հետ ունենալիք զրոյցի մասին։
Սիրալիր հանդիպումին ընթացքին Պատրիարքը տեղեկացուց նաեւ իր կատարած վերջին ճամբորդութիւններուն մասին` Իրաք եւ Սուրիայ մօտիկութիւն եւ զօրակցութիւն յայտնելու հալածուած եւ չարչարուած իրեն համայնքի պատկանող քրիստոնեայ հաւատացեալներուն:
Արհիապատիւ Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանը գնահատեց Պատրիարքին գործունէութիւնն ու անոր քաջ կեցուածքը Եւրոպայի քաղաքական եւ եկեղեցական պատասխանատուներուն դիմաց, ինչպէս նաեւ անոր յանդգնութիւնը Իրագի զանազան քաղաքները այցելելու` հակառակ այդ երկրի տագնապալից իրավիճակին։ Գերապայծառ Թէյրուզեան ապա իր մօտիկութիւնը եւ զօրակցութիւնը յայտնեց Պատրիարքին ու անոր միջոցաւ սուրիոյ եւ իրաքի, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեայ հաւատացեալներուն։
Հանդիպումին աւարտին պատուարժան հիւրերը մասնակցեցան Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանին մէջ իրենց ի պատիւ սարքուած սիրոյ սեղանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.