2014-11-20 12:51:05

Ֆրաչիսկոս Քահանայապետը ՖԱՕ-ի մէջ։


(Ռ.Վ. 20 նոյեմբեր 2014) Հինգշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2014-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Հռոմի ՖԱՕ կեդրոնը, ուր տեղի կ՛ունենայ սննդառութեան երկրորդ միջազգային գիտաժողովը ''լաւագոյն սննդառութիւն, որակեալ լաւագոյն կեանք'' նիւթով։
Նորին Սրբութեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց ՖԱՕ-ի ընդհանուր տնօէն` José Graziano da Silva, որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամ մը ուղղեց ժողովականներուն որուն մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ գնահատեց նախաձեռնուած խորհրդաժողովի գործունէութիւնը ''սնունդը ապահովելու'' դիտումով ու միասնաբար քննարկելու ներկայի ռազմավարութիւններու բարեփոխումները։
''Նպատակներու եւ գործունէութեան ընդհանուր միասնութիւնը ու յատկապէս եղբայրութեան հոգին, կարող են որոշիչ ըլլալ համապատասխան լուծումներ գտնելու այս հարցին'', ըսաւ Սրբազան Պապը եւ ընդգծեց թէ ''Եկեղեցին միշտ կը ջանայ ուշադիր ու հոգատար ըլլալ այն բոլոր բաներուն որոնք կը հային մարդու հոգեւոր եւ նիւթական բարեկեցութեան, յատկապէս անոնց որ մեկուսացած ու անտեսուած են, որպէսզի անոնց եւս երաշխաւորուի ապահովութիւն եւ արժանապատուութիւն''։
Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց Պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններուն որոնք շատ անգամ խափանուած են եւ կը վերածուին ռազմական ու տնտեսական բախումներու, նսեմացնելով բարեկամութիւնը եւ մերժելով անոնք որ արդեն ''անտեսուած'' են։
Կը մաղթեմ -ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - որ նոր ռազմավարական ծրագիրը մշակելու ընթացքին Պետութիւնները ներշնչուին այն համոզումէն թէ սննդառութեան իրաւունքը կարելի է ապահովել միայն երբ մտահոգութիւնը կեդրոնանայ անոր իսկական ենթակային վրայ` այսինքն մարդ անհատը որ կը տառապի սնունդի անմատչելիութենէն։
''Այսօր շատ կը խօսուի իրաւունքներու մասին, սակայն կը մոռցուին պարտականութիւնները ու ասոր համար հազուադէպ կը մտահոգուինք անոնցմով որոնք անօթութենէ կը տառապին'' հաստատեց Քահանայապետը նկատել տալով թէ անօթութեան դէմ պայքարը խոչընդոտներու կը հանդիպի շուկայական առաջնահերթութեան ե իշխանութեան շահերու դիմաց որոնք ''կերակուրը'' վերածած են որեւէ առարկայի, ենթակայ ֆինանսական շահարկումի։
Եւ մինչ կը խօսքինք նոր իրաւունքներու մասին ''անօթին'' հոն է` ճամբուն ծայրը, ու կը պահանջէ քաղաքացիութեան իրաւունք, ոչ թէ մուրացկանութեան համար այլ արժանապատուութեան իղձով։
Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց արդարութեան դուրս ելլելով ''տեսութեան'' շրջանակէն։ ''Անհատներն ու ժողովուրդները կը պահանջեն ի գործ դնել ոչ միայն իրաւական արդարութիւնը այլեւ բաժնեկցութեան եւ օժանդակութեան արդարութիւնը, որ կը յարգէ ամէն անհատի հիմնական իրաւունքը'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը մէջբերելով սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ –ի, 1992-ին միենոյն սրահին մէջ արտասանած խօսքերը, երբ յանդիմանեց թէ ''բոլորին համար կերակուր կայ սակայն շատեր չեն կրնար ուտել մսխումի եւ սպառումի չափազանցութեան պատճառաւ''։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա աւելցուց թէ կայ նաեւ զօրակցութեան պակաս ակնարկելով թէ ընկերութիւնները յատկանշուած են անհատականութեամբ եւ բաժանումներով ու այս մէկը վնաս կը հասցնէ տկարներուն։ Զօրակցութեան պակասը զգալի կը դառնայ բոլորին։ Զօրակցութիւնը արդարեւ - յարեց Քահանայապետը - այն վերաբերմունքն է որ մարդիկը կը մղէ դէպի ուրիշին ընդանալու, անոնց հետ յարաբերութիւններ մշակելու որոնք հիմնուած են եղբայրութեան զգացումի վրայ որ կը գերազանցէ տարբերութիւնները եւ կը փնտռէ հասարակաց բարիքը։
Պետութիւններէն եւս` որպէս անհատներու եւ ժողովուրդներու հասարակութիւն, կը պահանջուի գործել համաձայնութեամբ ու պատրաստ ըլլալ մէկը միւսը օգնելու հիմնուելով այն սկզբունքներուն վրայ որոնք տրամադրուած են միջազգային օրէնքներէն։ Այս ուղղութեամբ անսպառ աղբիւր մըն է բնական օրէնքը` որ արձանագրուած է մարդուն սրտին մէջ եւ կը խօսի բոլորին հասկնալի լեզու մը` սէր, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն։
Ամէն մարդու, կնոջ, մանուկին եւ տարեցին պէտք է այս ամէնքը ապահովուի եւ իւրաքանչիւր Պետութիւն պարտականութիւնն ունի ընդունելու այս իրականութիւնը ու երաշխաւորելու անոր իրականացումը։ Կաթողիկէ Եկեղեցին այս ուղղութեամբ իր սատարը կու տայ, մոլորակի աղքատներուն ընծայելով յարատեւ եւ յատուկ ուշադրութիւն, նոյն ուղղութեամբ կ՛աշխատի նաեւ Սուրբ Աթոռը միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրէն ներս օժանդակելու եւ բացայայտելու ու ապա որդեգրելու չափանիշեր որ համապատասխանեն միջազգային արդար համակարգին։
Չափանիշեր են, որոնք բարոյական գետնի վրայ կը հիմնուին կոթողներու վրայ ինչպէս ճշմարտութիւն. Ազատութիւն, արդարութիւն եւ զօրակցութիւն եւ եթէ կը հաւատանք մարդկային ընտանիքի միութեան սկզբունքին, հիմնուած Արարիչ Աստուծոյ հայրութեան վրայ, եւ մարդ արարածներուն եղբայրութեան վրայ, սնունդի մատչելիութիւնը շահագործող ոչ մէկ քաղաքական կամ տնտեսական ճնշում ընդունելի է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը եզրափակեց բոլոր ներկաներուն վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւնները մաղթելով որ միջազգային հասարակութիւնը գիտնայ ունկնդրել այս խորհրդաժողովի կոչը ու զայն նկատել որպէս մարդկային խիղճի միասնական արտայայտութիւն` ''կերակրել անօթիները մոլորակի փրկութեան համար''։








All the contents on this site are copyrighted ©.