2014-11-19 09:47:03

Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքը դատապարտած է Հրէական տաճարին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւնը:


(Ռ.Վ. 19 նոյեմբեր 2014) Երեքշաբթի 18 նոյեմբերին, Երուսաղեմի Հրէական տաճարին դէմ պատահած ահաբեկչական գործողութիւններուն ի տես, որ պատճառած է չորս մեռեալներ, Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարք` Գերերջանիկ Ֆուատ Թուալը ցաւակցութիւն յայտնած է զոհերու ընտանեկան պարագաներուն դատապարտելով Սուրբ երկրին մէջ արիւնահահոսութիւն պատճառող բոլոր բռնութիւնները ։
''Մեր եկեղեցիներու եւ վանքերուն մէջ անդադար կ՝աղօթենք որպէսզի Տէրը օգնական դառնայ մեզի ինչպէս նաեւ քաղաքական բոլոր պատասխանատուներուն, դիմելու շիտակ ուղիներու ի սպաս համայն ժողովուրդի խաղաղութեան'' յայտնած է Պատրիարք Ֆուատ Թուալը, Իտալական Ֆիտէս Լրատու գործակալութեան։
Լատիններու Պատրիարքը ընդգծած է նաեւ, թէ այս պահուս Սուրբ Երկրին մէջ որդեգրուած ապահովական բոլոր միջոցառումները չեն կրնար լուծել ներկայի խնդիրները։ Անհրաժեշտ է հասկնալ այս իրողութեան պատճառ դարձած արմատները - ըսած է Ան ընդգծելով թէ ''հարկաւոր է կասեցնել վրէժխնդրութեան հոգին, ապա թէ ոչ պիտի շարունակենք ապրիլ ահի եւ սարսափի մէջ, զուրկ՝ ազատութենէն եւ արժանապատուութենէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.