2014-11-19 09:55:18

25 տարի առաջ վեց Յիսուսեան կրօնաւորներ սպաննուեցան Լատինամերիկայի Սան Սալվատորին մէջ։


(Ռ.Վ. 19 նոյեմբեր 2014) 25 տարիներ առաջ, 16 Նոյեմբեր 1989-ին, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ վեց հայրեր ու երկու իրենց աշխատակիցներ սպաննուեցան Էլ Սալվատոր համալսարանին մէջ, մինչ Երկիրը կը գտնուէր քաղաքացիական պատերազմի մէջ։
Ընդդիմադիր ոյժերը իրենց այս արարքով կը նպատակադրէին ոչնչացնել մտաւորականները։
Յիսուսեան հայրերու սպանութեան 25-րդ տարեդարձին առթիւ, Լատինամերիկայի ու Սպանիայի զանազան քաղաքներուն մէջ, անոնց յիշատակը ոգեկոչուեցաւ։
Նահատակ յիսուսեան հայրերը ստանձնած էին պարտականութիւնը կազմաւորելու եւ պաշտպանելու աղքատները ու մանաւանդ անպաշտպանները։








All the contents on this site are copyrighted ©.