2014-11-18 09:33:44

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պիտի այցելէ ֆԱՕ-ի կեդրոնը։


(Ռ.Վ. 18 նոյեմբեր 2014) Յառաջիկայ 20 Նոյեմբեր 2014-ին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պիտի այցելէ Հռոմի ՖԱՕ կեդրոնը մասնակցելու սննդառութեան երկրորդ միջազգային գիտաժողովին, որուն նիւթն է ''լաւագոյն սննդառութիւն, որակեալ լաւագոյն կեանք''։
Գիտաժողովին նախատեսուած է մասնակցութիւնը բազմաթիւ պետական անձնաւորութիւններուն։ Նշենք որ սննդառութեան առաջին միջազգային գիտաժողովը տեղի ունեցաւ 1992-ին։
ՖԱՕ-ի ընդհանուր տնօէն` José Graziano da Silva-ի համաձայն, աշխարհի վրայ աւելի քան 840 միլիոն մարդ կը տառապին ապասննդառութենէն եւ ամէն տարի շուրջ երեք միլիոն մանուկներ սովէն կը մահանան։

Սննդառութեան համաշխարհային օրուան առթիւ (անցեալ 16 Հոկտեմբեր) ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած էր ֆԱՕ-ի ընդհանուր տնօրէնին, որով կը դատապարտէր սպառապաշտութիւնը ու կը խնդրէ որ միջազգային կազմակերպութիւնը վերատեսէ իր քաղաքականութիւնը կարօտեալներու ի շահ։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը չորրորդ Պապն է որ այցելութիւն կը կատարէ ֆԱՕ-ի աթոռին։ Պօղոս Զ. առաջին Պապը եղաւ որ այցելեց ՖԱՕը` 19 Նոյեմբեր 1970-ին, կազմակերպութեան հիմնարկութեան 25-րդ տարեդարձին առթիւ։ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը երկու անգամներ այցելած էր իսկ Պենետիկտոս ԺԶ Նոյեմբեր 2013-ին] մասնակցած էր սնունդի անվտանգութեան համաշխարհային ժողովին։








All the contents on this site are copyrighted ©.