2014-11-18 12:54:40

''Զգուշացէք վերածուելէ գաղջ, հանգստաւէտ եւ առ երեւոյթս քրիստոնեաներու'' - ըսաւ Քահանայապետը իր քարոզին մէջ։


(Ռ.Վ. 18 նոյեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 18 Նոյեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Տոմուս Սանթա Մարթայի Մատրան մէջ մատուցած Ս. Պատարագի քարոզին մէջ հաւատացեալներուն ուղղեց խօսքը եւ ըսաւ՝

''Դարձ ապրիլը շնորհք մըն է'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, խորհրդածութեան նիւթ առնելով օրուան Ս. Աւետարանի ընթերցուածի Յիսուսի եւ Զակքէոսի հանդիպման պատմութիւնը (Ղուկ ԺԹ. 1-10)։ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ ընթերցուածին՝ ուր Յովհաննու Յայտնութեան մէջ Տէրը խօսք կ'ուղղէ Եկեղեցիներուն, որ դարձի գան, որովհետեւ ինկած են գաղջութեան մէջ (Յայտ. Գ. 1-22)։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ մէջբերումներ կատարելով Յովհաննու Յայտնութենէն ըսաւ՝ քրիստոնեաներ կան, որոնք կ'ապրին ''հանգստաւէտ բարեպաշտութեամբ'', եւ կ'ըսեն՝ ''կը գործեմ այնպէս ինչպէս կարող եմ, եւ ինքզինքս խաղաղ կը զգամ, որ ոչ մէկը պիտի գայ եւ զիս տարատեսակ բաներով խանգարէ''։ Այն անձը որ ա'յսպէս կ'ապրի, ըսաւ Սրբազան Հայրը՝ կը հաստատէ թէ իրեն ''ոչ մէկ բան կը պակսի'' (հմմտ. Յայտ. Գ. 17) այդ անձը կը մտածէ՝ ''կիրակի եկեղեցի կ'երթամ, երբեմն կ'աղօթեմ, հանգիստ կը զգամ, Աստուծոյ շնորհքին մէջ եմ, հարուստ եմ, եւ ոչ մէկ բանի կարիքն ունի''։ Սակայն հոգեկան այս վիճակը մեղքի վիճակ է. ''հոգեւոր հանգստաւէտութեան վիճակը մեղքի վիճակ է'' կրկնեց Սրբազան Քահանայապետը։ Տէրը Յովհաննու Յայտնութեան մէջ կ'ըսէ՝ ''իսկ դուն ոչ գաղջ ես՝ ոչ տաք, ոչ ալ սառն. հիմա պիտի բսխեմ քեզ իմ բերնէս։'' (Յայտ. Գ. 16) Տէրը կը շարունակէ իր կոչը Լաւոդիկիոյ եկեղեցւոյն՝ ''Բայ չես գիտեր, թէ ողորմելի ես դուն, թշուառ եւ աղքատ, մերկ եւ կոյր։ Արդ խորհուրդ մը տամ քեզի. ա'ռ, գնէ' ինձմէ սպիտակ զգեստներ, որ հագնիս, որպէս զի քու մերկութեանդ անվայելչութիւնը չերեւայ։'' (Յայտ. Գ. 18)
Երկրորդ կոչը կ'ուղղուի քրիստոնեաներու, որոնք առ երեւոյթս քրիստոնեայ են։ Կը կարծեն թէ կ'ապրին, սակայն մահացած են։ Տէրը իրենցմէ կը պահանջէ մնալ արթուն եւ դարձի գալ, ինչպէս կը կարդանք Յայտնութեան Գրքին մէջ՝ ''Տեսա գործերդ, դուն, որ կենդանի եղողի անուն ունիս, բայց մեռած ես։ Արթուն եղիր եւ զօրացիր այսուհետեւ, քանի որ մօտ ես մեռնելու։'' (Յայտ. Գ. 1-2)
Հարց տանք մենք մեզի՝ թէ արդեօք ունի՞մ հոգեւոր կեանք, կ'ապրի՞մ թէ մեռած եմ, կը զգա՞մ Սուրբ Հոգին, կ'ունկնդրե՞մ Սուրբ Հոգիի ձայնին։
Երրորդ կոչը կ'ուղղուի Զակքէոսի՝ ''մաքսապետ եւ մեծահարուստ'', գործակից հռովմայեցիներու։ Կաշառակեր մըն էր եւ չէր սիրուած։ Մահացած չէր, այլ կը գտնուէր նեխութեան վիճակի մէջ։ Սակայն բան մը կը զգայ իր ներսը եւ կը կ'ուզէ տեսնել Յիսուս առ ի հետաքրքրութիւն։ Սուրբ Հոգին անոր մէջ դրած էր հետաքրքրութեան սերմը։ Զակքէոս կը դիմէ արտառոց միջոցի՝ իր հետաքրքրութեան յագուրդ տալու։ Զակքէոս ամօթ չի զգար արտառոց միջոցի դիմելու, իր ներսը Սուրբ Հոգին էր որ կ'աշխատէր։ Զակքէոսի սիրտը կը բարեփոխուի, դարձի կու գայ, եւ քառապատիկ հատուցում կը կատարէ անոնց որոնց հանդէպ անիրաւ գտնուած էր։
Իր դարձը իրական էր, Զակքէոս կը հաստատէ իր դարձը իր Յիսուսի խոստում մը տալով. իսկ անդին՝ ինչպէս կ'ըսէ աւետարանիչը՝ ''Երբ ամէնքը այս տեսան, կը տրտնջէին եւ կ'ըսէին, թէ մեղաւոր մարդու մօտ մտաւ գիշերելու։'' (Ղուկ ԺԹ. 7)։ Այս այն անձերն էին, որոնք չէին հանդուրժեր Զակքէոսի դարձը։
Ահա դարձի կոչման երեք օրինակ ունինք։ Աստուծոյ խօսքը կարող է ամէն ինչ փոխակերպել, բայց մենք՝ ոչ միշտ ունինք քաջութիւնը հաւատալու Տիրոջ Խօսքին, ընդունելու Խօսքը, որ մեզ կը փոխակերպէ, մեզի բուժում կը շնորհէ։
Յիշենք միշտ Աստուծոյ խօսքը, պահպանել խօսքը, հնազանդիլ խօսքին՝ որպէսզի նոր կեանքի մը սկսինք ...









All the contents on this site are copyrighted ©.