2014-11-17 12:26:02

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կիրակի 16 նոյեմբերին գործունէութիւնը։


(Ռ.Վ. 17 նոյեմբեր 2014) Կիրակի 16 նոյեմբերին, Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը, ինքնաշարժով մեկնեցաւ Քասթէլկանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցը ուր բացումը կատարեց Արժէնթինացի արուեստագէտ` Ալէսսանտօ Մարմոյի կողմէ քանդակուած երկու երկաթեայ արձաններուն։
Նախքան արձաններու բացման արարողութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապը ճաշած է ամարանոցի ճաշարանի մէջ, ընկերակցութեամբ Վատիկանի Պետութեան կառավարիչ` Կարդինալ Պէրթելլոյի, Քահանայապետական ամարանոցներու ընդհանուր տնօրէնի քարտուղար՝ գերապայծառ` Վէրկէզ Ալծակի եւ արուեստագէտ Մամոյի ընտանեկան պարագաներուն հետ։
Յաւարտ ճաշին, Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղուեցաւ Քասթէլկանտոլֆոյի ուղղաթիռի կեդրոնը ուր ՝ կատարեց երկաթեայ արձաններու բացման արարողութիւնն ու օրհնութիւնը։
Արարողութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը վատիկան վերադարձի ճամբուն վրայ այցելութիւն կատարեց Պիոս ԺԱ բուժարանին մէջ գտնուող Կարդինալ Մարիա Մէժային որ ժամանակէ ի վեր հոն կը գտնուի բուժուելու համար։
Սրբազան Հայր ապա վատիկան ժամանած պահուն, ուղղուեցաւ Գիտութեան Ակադեմիայի ''Պիոս Դ-րդ'' անուան կեդրոնատեղի ուր՝ տեղի կ՝ունենար մարդկային մարմնավաճառութեան դէմ պայքարի՝ երիտասարդներու միջազգային համագումարը։ Ֆրանչիսկոս Պապը այս առթիւ անոնց հետ սիրալիր խօսակցութիւն մը ունեցաւ ու ապա վերադարձաւ Տոմուս Սանթա Մարթա։







All the contents on this site are copyrighted ©.