2014-11-17 15:35:46

''Պաշտպանեցէք ընտանիքը անոր սպառնացող հոսանքներէն'' ըսաւ Քահանայապետը Զամպիայի Եպիսկոպոսներուն։


(Ռ.Վ. 17 նոյեմբեր 2014) ''Պաշտպանել քրիստոնեայ ընտանիքը հոսանքներէն որ անոր կը սպառնան''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կոչը պարունակուած` երկուշաբթի 17 նոյեմբեր 2014-ին, Զամպիայի եպիսկոպոսներուն յանձնած պատգամին մէջ, որոնք 17-20 նոյեմբեր 2014, Հռոմ կը գտնուին իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կատարելու սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց թէ երբ ընտանիքը սպառնալիքի տակ է սպառնալիք տակ կը գտնուի նաեւ հաւատքի կեանքը։
Ափրիկեցի եպիսկոպոսներուն իր պատգամին մէջ, Սրբազան Հայրը շեշտը դրաւ ընտանիքի վրայ զգուշացնելով եպիսկոպոսները այն սպառնալիքներէն որոնք կը գործեն ''եկեղեցական եւ ընկերային ու յատկապէս ընտանիքի կայունութեան'' դէմ։
Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց թէ յատկապէս աղքատները որ անօթութեան դէմ կը պայքարին, զոհ են այն խոստումներուն որոնք կը շեղեցնեն կեանքի իսկական ճանապարհէն ու շեշտեց թէ` ընտանիքը Զամպիայի Եկեղեցւոյ սիրտն է ու յանձնարարեց եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն, կազմելու քրիստոնեայ ուժեղ ընտանիքներ որ խորապէս հասկնան ու սիրեն հաւատքի ճշմարտութիւնը, որպէսզի կարենան պաշտպանուիլ այն հոսանքներէն որոնք կ՛ուզեն զայն խափանել։
Քահանայապետը ապա եպիսկոպոսներէն խնդրեց որ մօտիկ ըլլան երիտասարդութեան' օգնեն որպէսզի կարենան պատշաճ կերպով պատրաստուին ամուսնութեան խորհուրդի ուրախութեան որ իր կատարումը կը գտնէ զաւակներու օրհնութեամբ։
Սրբազան Պապը ապա եպիսկոպոսներէն խնդրեց մօտիկ ըլլալ իրենց քահանաներուն ու չմոռնալ ընկերութեան ամենայետինները սկսեալ հիւանդներէն` ապա քաջալերեց զանոնք չվհատիլ, հակառակ Երկրի ապրած դժուարութիւններուն ու դիմադրել ''նիւթապաշտութեան'' երեւոյթին ծանօթանալով ժողովուրդին իսկական կարիքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.