2014-11-17 10:03:55

Չինաստանի կառավարութիւնը կ'ընդունի որ իր շարքերուն մէջ միշտ աւելի է թիւը քրիստոնեաներուն ու պուտտայականներուն։


(Ռ.Վ. 17 նոյեմբեր 2014) Համայնավարները մտահոգ են կրօնական խիղճի յայտնաբերումին ու ազդեցութեան իրենց շարքերէն ներս։ Թիպէտի եւ Շէյժանկ մարզերուն մէջ քրիստոնէութիւնը մեծ թափի մէջ է։ Այս առաջին անգամն է որ Փեքինը կ'ընդունի որ համայնավար կուսակցութեան շարքերուն մէջ կան քրիստոնեաներ ու պուտտայականներ։
Չինաստանի համայնավար կուսակցութեան վախն է կրօնական խիղճի զարթօնքը։ Շէյժանկ մարզէն ներս քրիստոնեաներու թիւը մեծ յաւելում արձանագրած է եւ այդ պատճառաւ տեղւոյն համայնավար իշխանութիւնները կը քանդեն եկեղեցիները ու վար կ'առնեն խաչերը։
"People's Daily" չինական օրաթերթը վերջերս յայտնեց որ կուսակցութեան մեծ թիւով անդամներ քրիստոնեայ են եւ կամ այլ կրօնի կը պատկանին։
Յայտնենք որ թէեւ Չինաստանի ժողովրդային Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը կ՛երաշխաւորէ կրօնական ազատութիւնը, սակայն համայնավար կուսակցութեան պաշտօնէութիւնը իրաւունք չունի ոչ մէկ դաւանանքի յարելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.