2014-11-17 10:11:26

Զամպիայի եպիսկոպոսներուն հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


(Ռ.Վ. 17 նոյեմբեր 2014) 17- 22 նոյեմբեր 2014, Զամպիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամները իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կը կատարեն սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Զամպիան ունի 752,612 քմ քառակուսի տարածք եւ 13,883,557 բնակչութիւն որուն մեծամասնութիւնը քրիստոնեայ են ու կաթողիկէները կը կազմեն այս մեծամասնութեան 33 առ հարիւրը։
Զամպիայի Կաթողիկէ եկեղեցական կառոյցը կազմուած է 2 աւագ թեմերէ եւ 9 աթոռանիստ թեմերէ։ Զամպիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը հաստատուած է 1965 թուականին։ Մինչ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայութիւնը սկիզբ առած է 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը ուր Յիսուսեանները մեծ դեր մը ունեցած են։
1989-ին (28 ապրիլէն – 6 մայիս) Յովհաննէս Պօղոս Բ սուրբ Քահանայապետը իր առաքելական 41-րդ ճամբորդութեան առթիւ այցելած է Զամպիան։
Զամպիայի Եկեղեցւոյ առանցքը կը կազմէ դաստիարակութիւնը ու դաստիարակչական կառոյցներու զարգացումը։ Եկեղեցին ունի 82 դպրոցներ, 8 մասնագիտական վարժարաններ, եւ այլ կամաւորումի կեդրոններ։ Բացի դաստիարակչական մարզէն Զամպիայի Եկեղեցին մեծ ուշադրութիւն կ՛ընծայէ առողջապահական մարզին։ Ան կը մատակարարէ 18 հիւանդանոցներ եւ 38 դարմանատուներ եւ 200 ''Սիտայի'' հիւանդներու խնամակալութեան կեդրոններ։
Զամպիայի եկեղեցին կարեւոր կը նկատէ նաեւ հաղորդամիջոցները ու կը ջանայ զանոնք օգտագործել լաւագոյն առաքելութեան մը ի սպաս։ Եկեղեցին ունի արտադրութեան կեդրոն մը ''Catholic Media Services Television Production Studio'' եւ կը կառավարէ 7 ռատիոկայաններ։ Եկեղեցին ապա յանձնառու է Զամպիայի ընկերային կեանքէն ներս ու չի զլանար ձայնը բարձրացնել` ընկերային անարդարութիւններուն ու քաղաքական գործիչներուն գործած անիրաւութիւններուն դէմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.