2014-11-16 12:45:48

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։


(Ռ.Վ. 16 նոյեմբեր 2014) Կիրակի` 16 նոյեմբեր 2014-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած Մատթէոսի աւետարանի 25-րդ գլուխէն (14-30 համարներ), ուր Յիսուս կը խօսի քանքարներու առակի մասի։
Կիրակնօրեայ աւետարանը կը պատմէ մարդու մը մասին որ օտար աշխարհ պիտի երթար ու իր ծառաները կը կանչէ անոնց յանձնելով իր ինչքերը, մէկուն հինգ քանքար, միւսին երկու եւ երրորդին մէկ։
Անոր վերադարձին առաջին եւ երկրորդ ծառան կրկնապատկեցին քանքարները, մինչ երրորդը վախնալով Տիրոջմէ, քանքարը պահեց ու ասոր համար յանդիմանուեցաւ եւ պատժուեցաւ։
Առակի մարդը կը ներկայացնէ Յիսուսը, ծառաները աշակերտներն են ըսաւ Քահանայապետը եւ քանքարները հարստութիւններն են որ Տէրը կը յանձնէ անոնց` Խօսքը Սուրբ Հաղորդութիւնը, Հաւատքը ու Իր ներումը։
Յիսուս չուզեր որ մենք պահենք ու պահպանենք մեզի տրուած շնորհքները, այլ կ՛ուզէ որ զանոնք օգտագործենք ուրիշներու բարիքին համար ու զայն զարգացնելու եւ կրկնապատկելու որեւէ միջավայրին մէջ։
Այս առակը մեզ կը խրախուսէ թաքուն չպահելու մեր հաւատքը ու մեր Քրիստոսին պատկանելիութիւնը եւ չթաղելու Աստուծոյ խօսքը, այլ զայն տարածելու մեր առօրեային մէջ, մեր յարաբերութիւններու ընթացքին, որպէս զօրք մը որ կը բիւրեղացնէ եւ կը վերանորոգէ։
Տէրը ամէնուն միեւնոյն պարգեւը չի շնորհեր, Ան մեզ կը ճանչնայ ու ամէն մէկուն կու տայ անոր կարողութեան համաձայն։ Յուսախաբ չի թողունք զինք։ Վախի չմատնուինք այլ փոխարինենք Անոր վստահութիւնը վստահութեամբ։ Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը օգնէ մեզի ըլլալու բարի եւ հաւատարիմ ծառաներ որպէսզի կարենանք մասնակցիլ Տիրոջ ուրախութեան։
Մարեմեան աղօթքէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը, ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները ակնարկելով Հռոմի մէջ տեղի ունեցող լարուածութիւններուն, գաղթականներու եւ հռոմէացիներու միջեւ։ Կը հրաւիրեմ քաղաքական իշխանութիւնները պատասխանատուութեամբ դիմագրաւելու այս ընկերային տագնապը, դիմելով երկխօսութեան եւ ունկնդրութեան, յաղթահարելու համար նախապաշարումները եւ կառուցելու ապահով եւ խաղաղ համակեցութիւն։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ վերյիշեց թէ այսօր կը նշուի ''ճանապարհային երթեւեկութեան զոհերու համաշխարհային օրը'' ու ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալ զանազան խումբերը բոլորին մաղթելով Բարի Կիրակի ու խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.