2014-11-16 09:22:22

ՄԱԿ-ը կը դատապարտէ իսլամական պետութեան ոճրագործութիւնները եւ պատասխանատու կը նկատէ այդ շարժումի բոլոր ղեկավարները։


(Ռ.Վ. 16 նոյեմբեր 2014) Սուրիոյ մէջ հաստատուած իսլամական պետութիւնը ՄԱԿ-ի գնահատումով պատասխանատու է բոլոր այն ոճրագործութիւններուն որ տեղի ունեցան Սուրիոյ հողին վրայ. ՄԱԿ-ը այս արարքները նկատած է մարդկութեան դէմ ոճրագործութիւն։ Անոր ղեկավարները պատասխանատու են այդ ոճրագործութիւններուն կը հաստատէ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու պաշտպան յանձնախումբը։ ՄԱԿ-ի վաւերաթուղթէն ի յայտ կու գան Իսլամ պետութեան գործադրած շարք մը ոճրագործութիւնները, սկսեալ զանգուածային սպանդներէն` ցեղային ու կրօնական խումբերու դէմ, ինչպէս նաեւ գլխատումներ եւ սեռային բռնաբարութիւններ։ ՄԱԿ-ի յանձնախումբը կը պահանջէ իսլամական պետութեան ղեկավարներու դատապարտումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.