2014-11-15 11:03:10

Նախագահ Սարգսեանի պատգամը Ազրպէյճանին. «վե՛րջ, Ղարաբաղի եւ Հայաստանի դէմ կռուիլը կարճ ու հաճելի զբաղում պիտի չըլլայ»


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, զինեալ ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան Լեռնային Ղարաբաղ աշխատանքային այցելութեան երկրորդ օրը Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ «Տիգրանակերտ» զօրավարժարանին մէջ հետեւեցաւ զոյգ հանրապետութիւններու զինեալ ուժերու «Միասնութիւն-2014» գործնական-մարտավարական ռազմափորձերուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ ծառայութեան փոխանցումով` ցուցադրուեցաւ «հրասայլային երկամարտ», ուր մրցութային կարգով որոշուեցաւ կրակային եւ այլ չափանիշներով լաւագոյն մասնակիցը:
Հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարները նոյն զօրավարժարանի դիտաշտարակէն հետեւեցան նաեւ մարտական հրաձգութեան հանգրուանին, այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ռազմափորձի, ինչպէս նաեւ ծառայութեան ընթացքին աւելի աշխուժ մասնակցութիւն բերած զինուորական ծառայողներու պարգեւատրման արարողութիւնը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց զինեալ ուժերու սպաներուն եւ զինուորներուն` պայմանական մարտադաշտին մէջ ցուցաբերած խիզախութեան, մարտական բարձր ունակութիւններու եւ լայնածաւալ այս ռազմափորձերը յաջողութեամբ աւարտելու առիթով:
«Աւարտին կը մօտենան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու համագործակցութեան ծիրին մէջ երբեւէ տեղի ունեցած մեծագոյն, լայնածաւալ, ամէնէն օգտակար ռազմափորձերը, եւ հակառակ ցաւալի դէպքին, ես կը նկատեմ, որ ռազմափորձերը յաջողութեամբ ընթացած են: Վստահաբար, համապատասխան մասնագէտներու, պատասխանատուներու կողմէ տակաւին կ՛ամփոփուին, կը վերլուծուին եւ հետեւութիւններ կ՛ըլլան, բայց այն, ինչ որ մենք տեսանք պայմանական մարտադաշտին մէջ, մեզ կ՛ուրախացնէ: Դուք ցուցաբերեցիք բարձր մարտական ունակութիւններ, կամք եւ հայրենիքին հանդէպ նուիրուածութիւն: Ապրի՛ք, շնորհակալ եմ ձեզմէ», դիմելով ռազմափորձերու մասնակիցներուն` ըսաւ Սերժ Սարգսեան:
«Անշուշտ, ձեզի կը հետեւէին նաեւ օտարները եւ նախ եւ առաջ անոնք, որոնք մեզ թշնամի կ՛անուանեն, որոնք միջոցներու միջեւ տարբերութիւն չեն դներ եւ ի վիճակի են կացնահարել քնացած մարդը, որոնք ի վիճակի են դժուարին դրութեան մէջ յայտնուած եւ իրեն վտանգ չներկայացնող ուղղաթիռ ոչնչացնել: Ատիկա իրենց գործն է: Դուք ձեր գործը լաւ կը կատարէք: Մենք բոլորս կը յիշենք ամէն ինչ, եւ պիտի հասնի հատուցման օրը: Ձեր խնդիրը շատ պարզ է` նոյն ոգիով շարունակել: Ես բազմաթիւ անգամներ ըսած եմ եւ հիմա ալ կը կրկնեմ` Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ 90-ական թուականներու սկիզբը սանձազերծուած պատերազմը արդիւնք էր նաեւ այն բանին, որ անոնք մեզի թերագնահատեցին, եւ եթէ անգամ մը եւս անոնք սանձազերծեն պատերազմ, ապա մենք պիտի ունեանք մեղքի մեր բաժինը այնքանով, որքանով կարելիութիւն տուինք անոնց թերագնահատելու մեզ», շեշտեց Հայաստանի նախագահը:
Ըստ Սերժ Սարգսեանի, ռազմափորձերու մասնակիցներուն վարպետութիւնը արդէն կը ստիպէ «Ազրպէյճանի մէջ ապրող շատ-շատ միամիտներու փոխել իրենց կարծիքը պատերազմի մասին»:
«Անոնք կը մտածէին, որ Ղարաբաղի, Հայաստանի դէմ կռուիլը կարճ եւ հաճելի զբաղմունք է, ֆլեշմոպի պէս բան մը` հաւաքուեցանք, բան մը սարքեցինք, նկարուեցանք ու ցրուեցանք: Վե՛րջ, ֆլեշմոպ պիտի չըլլայ: Հաճոյք եւ զբօսանք պիտի չըլլայ: Եւ վստահ եմ` պատերազմ պիտի չըլլայ, որովհետեւ դուք կաք, որովհետեւ դուք ուժեղ էք, որովհետեւ դուք կանգնած էք այստեղ», յայտնեց ան:
Այնուհետեւ «Տիգրանակերտ» զօրավարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ զօրահանդէս:
Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան երէկ ներկայ գտնուեցան նաեւ Մարտակերտ քաղաքին մէջ զինուորական հիւանդանոցի նորակառոյց մասնաշէնքի բացման հանդիսութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.